«ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ» ԳԻՐՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ամիսներ առաջ, երբ Ֆրանսա կը գտնուէինք, համացանցի միջոցով պատահմամբ «Ազդակ»ի կայքէջին վրայ կարդացած էի Սեդա Ունճեան-Խտըշեանի` Շահանդուխտին ուղղեալ շնորհակալական նամակը ու հետեւցուցած` «Հանդիպումներ հայուհիներու հետ» անունով գիրք մըն ալ ուրեմն լոյս տեսած է Շահանդուխտի ստորագրութեամբ: Հրճուեցայ` մտածելով, որ ի՛նչ այժմէական նիւթի անդրադարձած էք ու ի՛նչ անուններ վերակենդանացուցած ըլլալու էք. նոյնիսկ  երեւակայութեանս զարկ տուած` սկսայ նշել լիբանանահայութեան մէջ կարկառուն հայուհիներու անուններ սկսեալ մանկութեանս շրջանէն` ընտանիքիս ծանօթ ՀՕՄ-ուհիներէն մինչեւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան վարչականները:

ԲԱՅՑ, ի՜նչ անակնկալ… Նախ երբ տեսայ ոչ մէկ, այլ զոյգ հատորներ, Տէ՜ր Աստուած… մակագրուած նոյեմբեր 2010 թուականին… Իսկ երբ կարդալու սկսայ ու յանկարծ նշմարեցի իմ անունս ալ գլուխներէն մէկուն մէջ լաւ մը փառաւորուած, խոստովանիմ որ անհանգիստ եւ շոյուելու ԵՐԿՈՒ հակասական զգացումներ զիրար հրմշտկեցին. կարծեմ այս զգացումներու խառնուրդը մէկ զգացում դառնալով` անանուն զգացումի մը վերածուեցաւ, որ ոչ թէ հայերէն, այլ ուրիշ լեզուներու բառարաններուն մէջ ալ չեմ կարծեր գոյութիւն ունենայ:

Հիմա, որ կը պատասխանեմ եւ ձեզի շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել, ըսեմ, որ մեծ պատիւ կը զգամ ձեր ակնոցով այդքան յարգելի անուններու շարքին լիբանանահայ կեանքի բարելաւման մէկ մասնիկը նկատուելուս համար:  Ճիշդ է, որ տակաւին մեր պորտալարը չէ կտրուած պէյրութահայութենէն եւ մեր միութիւններէն:  Պէյրութցիի բարբառով միայն կրնամ ըսել. «Շատ մերսի»:

Ա. հատորին մէջ պատկառելի անուններ` Մատամը, Զեփիւռ, Շանթ, օր. Ալիս, Կոմսին կինը` բոլորը ծանօթ, իսկ «երիտասարդներէն», չըսելու համար ողջերը, մեծ մասը` ընկերուհիներ, իրենց գործունէութեամբ մօտէն ծանօթ, կարծես ընտանիքի անդամները ըլլային: Շատ կը ցաւիմ, որ չկայ ձեզի նման ուրիշ քաջածանօթ գրող անձնաւորութիւն մը, որ յիշատակէ արեւմտեան Պէյրութի բազմաթիւ հայուհիներու գործունէութիւնը (որոնց մէկ մասը գաղթեց ու տակաւին գործունեայ է Ամերիկաներու մէջ), Պէյրութի տուած հունձքը, փառքի օրերը այդ խաղաղ ու հանդարտ կարճ շրջանին, երբ մօրս սերունդը աշխուժ ու երիտասարդ էր, երեխաներու տէր էին, քիչ թէ շատ` ինքնաբաւ կամ բարեկեցիկ, իրենք ալ իրենց կարգին խումբ մը առաջնորդ, անուղղակի դաստիարակ կիներ ունենալու բախտը ունեցան: Արեւմտեան Պէյրութի մէջ այդ կարկառուն դէմքերէն քանի մը հոգին իմ միտքս կու գան` աւելնալու ձեր ցանկին. այսօրուան պէս կը յիշեմ Էօժենի Պալեանը, Եղիս Սահակեանը,  Տէր Կարապետեանը, Արծրունին, Պաղտասարեանը, աւելի երիտասարդ` քոյր Մարի Սարեանը, ոմանց երթեւեկը դէպի  ժողովրդային տուն, ոմանց` ՀՄԸՄ, ոմանց` Ս. Նշան մայր եկեղեցի: Այս սերունդին շունչն ու ոգին ոչ միայն մեր մայրերու սերունդին, այլ նաեւ մեր վրայ մեծ ազդեցութիւն վստահաբար ձգեց, ինչպէս` Մատամը: «Պնակ մը կերակուր», ձեւագիտութեան դասեր խորհրդաւոր կը հնչէին մեր ականջներուն, իսկ մայրս Ս. Նշան մայր եկեղեցոյ տիկնանց միութեան վարչական եղաւ երկար տարիներ, Վարդանանցի տօնակատարութեան կամ մայիս ամսուան Մայրերու օրուան հանդէսներուն մեր սերունդին ալ անպայման պարտականութիւն կամ դեր կը վիճակուէր, «Կիւլպէնկեան» սրահը կը վխտար խուռներամ ժողովուրդով, ամբողջ սերունդ մը այդ շրջանին Օգնութեան խաչի, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի շնորհիւ «կամայ-ակամայ» դաստիարակուեցաւ: Մենք ալ իրենց պոչերը ըլլալնուս` նոյն շունչով հասակ նետեցինք: Այս բոլորը կ՛ըսեմ` մտածելով, որ կրնայ ըլլալ դուք անձ մը կը ճանչնաք, գրագիտուհի մը, որ քաջածանօթ է այդ շրջանի երկու սերունդներուն պատկանող հայուհիներուն եւ իր գրիչով պիտի կարենար վերակենդանացնել այդ օրերը:

Գալով ձեր գրքին Բ. հատորին երկրորդ գլխուն` մասնաւորաբար գոհունակութիւնս կամ, աւելի ճիշդը, բաւարարման զգացումներս կ՛ուզեմ յայտնել Կարինէ Ալեքսանտրեանի յիշատակման ու առաջին էջերը իր անուան եւ գործունէութեան յատկացնելուդ համար: Յուզմունքով կարդացի իր մասին այդքան վաւերական յետմահու գնահատականներ` ըլլայ ձեր գրիչով, ըլլայ ընկերուհիիս` Շաղիկի գրչով: Կարինէին մահը չափազանց խոր ազդեց վրաս, այն աստիճան, որ չկարողացայ նոյնիսկ երկու տող գրել. միտքս ու գրիչս քարացան, անոր մահը տակաւին չէ տեղաւորուած մտքիս մէջ, ինքնախաբէութեամբ կը մերժեմ ընդունիլ, որ ան ոչ եւս է, նոյնիսկ կը խուսափիմ Պէյրութ այցելելէ, բախտաւոր կը համարեմ անձս` զինք իբրեւ մտերիմ ընկերուհի ունենալուս համար եւ դժբախտ` զինք այսքան կանուխ կորսնցնելուս համար. յաճախ Պէյրութի կամ Լոնտոնի մէջ իրարու կը հանդիպէինք: Չեմ կրնար երեւակայել, որ Կարինէն ա՛լ բարի եկաքի պիտի չգայ, պանդոկ պիտի չվազէ զիս դիմաւորելու, Լոնտոն պիտի չգայ, ասեղնագործութեան, տարազի թանգարաններ, աճուրդի տուներ ա՛լ պիտի չայցելենք: Պատմութեան անցան այդ օրերը, ի՜նչ խանդավառութեամբ ՀՕՄ-ի հոկտեմբեր ամսուան տարեկան ձեռարուեստի ցուցահանդէսի ծրագիրները կը պարզէր, կը ծրագրէր. Համազգայինի պարախումբի տարազներու բարեփոխումները երբ նկարագրէր, կ՛ապշէի ու կը նեղուէի… «Կարինէ՛, կ՛ըսէի, պէտք է որ Համազգայինը տարազներու թանգարան մը ունենայ, այս ամէն մէկ տարազէն օրինակ մը պահուի ու մնայուն ցուցադրուի»: «Ի՞նչ կ՛ըսես ընկերուհիս, կ՛ըսէր, մէկ տարազը չորս հինգ անգամ կը փոխեմ, ասոր փէշը անոր իրանին կը միացնեմ, յաջորդ ձեռնարկին այս բաճկոնը` միւսին, հագուստ մը անգամ մը այս թեւով կը վերջացնենք, իսկ ուրիշ անգամ նախկինի մը թեւով բեմ կը ներկայանայ»: Կ՛անդրադառնայի, որ ան աներեւակայելի խնայողութեամբ այդ վայելուչ տարազները կ՛իրականացնէր, բայց ես յամառօրէն կը պնդէի, որ` «Կարինէ, այս  աշխատանքդ մեղք է, օրինակ մը պահէ, տեղ ունինք, Նշան Փալանճեանի վարի յարկը օր մը կը նորոգուի, ժամանակը կու գայ, որ այս տարազները  ապակիներու ետեւ, «մանըքէններ»ու վրայ, քով -քովի թուագրուած, նկարագրուած անմահանան:  «Ամա՜ն Սելլա, կ՛ըսէր, ինչե՜ր կ՛երազես, չես կրնար երեւակայել, թէ մենք ի՛նչ միջոցներով այս տարազները մէջտեղ կը բերենք, ժամանակ չկայ, տեղ չկայ. այնքան բեռնաւորուած եւ ճնշումի տակ ենք, որ մենք ո՞ւր ցուցադրութեան սրահը ո՛ւր»: Սակայն կը նկատէի, որ այդպիսի երազ մը շատ կը ցանկայի իրագործուած տեսնել… Բայց իր ուժերէն վեր կը նկատէր: Այսօր ինքզինքիս հարց կու տամ. ինչո՞ւ աւելի չպնդեցի, մէկական օրինակ երանի ձեռքէն խլէի, արդեօք իր այդքան խնամքով մէջտեղ բերած ճաշակաւոր, հարազատ տարազներէն ո՞ր մէկը իր խնայող մկրատներէն խոյս տուաւ:

Սիրելի՛ Շահանդուխտ, կը ներէք, որ մտքիս թելերը գիրքէն Կարինէին վրայ երկար ծանրացան. արդէն տարելիցը հասաւ ու դարձեալ չկարողացայ մատիտս շարժել, գէթ «Ազդակ»ին մէջ երկու տող գրել: Մտերիմի մը մասին գրել դիւրին չէ, ըստ երեւոյթին: Ձեր տողերը կարդալով` վերանորոգուեցայ, նեղ սիրտս ձեզի բացի ու նիւթէն շեղեցայ… Այս նամակս ալ խօսակցութեան վերածուեցաւ:

Անգամ մը եւս վերադառնանք ըսելիքիս, դարձեալ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել զիս այդքան վաստակաւոր անձերու շարքին դասելնուդ.  «Հանդիպումներ հայուհիներու հետ»ի  հետաքրքրական, գործունեայ, վաստակաւոր կիներու շարանին մէջ զիս ալ ներառելնուդ համար, իսկ գիրքը իր տեսակին մէջ եզակի է, գեղեցիկ գաղափար, եւ ի՜նչ տեղին վերնագիր,  ազգին ի շահ աշխատողներու նկարագրին յարմար. «Հանդիպումներ» եւ ոչ` ուրիշ մակդիր:  Ընդհանրապէս հայ կիներու ազգային աշխատանքը մօր մը նուիրման կարգին կը դասուի, կ՛աշխատի, որովհետեւ կարիքը կը տեսնէ, թափանցիկ է, չ՛երեւիր, բայց կը գործէ, որովհետեւ կոչում է: Իրականին մէջ օգտակար է, որ յիշատակուի, մանաւանդ երբ գործը օրինակելի է եւ կրնայ փոխանցիկ ըլլալ: «Հանդիպումներ հայուհիներու հետ» նորութիւն էր. իսկ ընդհանրապէս ձեր գրչով պէյրութահայ կեանքէն առնուած դրուագներով հետաքրքրական ու մատչելի կը դարձնէք հայերէն ընթերցանութիւնը:  Հաճոյքով կը կարդամ ձեր գիրքերը եւ յօդուածները: Մտքովս ալ կը ծիծաղիմ, յաճախ ուղղակի քննադատութեան փոխարէն ծածուկ ու անուղղակի դաստիարակութիւնն ալ` իր տեղին: Վարձքերնիդ կատար:

Բարեւներով

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES