ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ
ՊՈԼԻՍ
«ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ` ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ԵՒ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ» ՆԻՒԹՈՎ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ 150-ամեակի եւ Մերամէթճեան վարժարանի 100-ամեակի հանդիսութիւններու ծիրին մէջ, «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթութիւնը` բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ հաւաքականութիւններու մէջ» նիւթով դասախօսութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեանի կենսագրական գիծերը: Իր կարգին, փրոֆ. Աւետիս Հաճընլեան լուսարձակի տակ առաւ այն գլխաւոր հարցերը, որոնք մայրենի լեզուէն կը հեռացնէին նորահաս, սերունդը, նաեւ համայնքի զանազան խաւերը: Ան նաեւ աղիւսակներու վրայ ներկայացուց վիճակագրական տուեալները` ընդգծելով լեզուին, մշակոյթին ու գրականութեան ունեցած ճակատագրական դերը մեր ժողովուրդի գոյատեւման մէջ: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն պատճառներուն, որոնք կ՛ազդեն աշակերտական թիւի նուազումին վարժարաններին մէջ: Փրոֆ. Հաճընեան խօսեցաւ նաեւ թատրոնի եւ երաժշտութեան մարզերուն մէջ հայ ժողովուրդին բերած մեծ աւանդին, եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան, երկլեզու եւ բազմամշակոյթ միջավայրի մէջ մանուկները զարգացնելու նիւթին:
Աւարտին թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօզէրի յուշանուէր մը յանձնեց Հաճընլեանին:
ՎՐԱՍՏԱՆ
ԹԻՖԼԻՍԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ս. ՆՇԱՆ ԿԻՍԱՒԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
ՊԻՏԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ
Թիֆլիսի հայկական Ս. Նշան կիսաւեր եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ է մօտաւորապէս 838 հազար տոլար: Այդպիսին են Վրաստանի յուշարձաններու պահպանութեան ազգային գործակալութեան նախնական հաշուարկները:
Եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրը մշակուած է Հայաստանի եւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարներուն կողմէ` վերջերս հայ նախարարներու վրացական մայրաքաղաք կատարած այցելութեան ընթացքին: Ս. Նշանը փլուզման վտանգին առջեւ գտնուած է յունուար 9-ի միջադէպէն ետք, երբ եկեղեցւոյ հիւսիսարեւելեան մասը փուլ եկած է: Հայկական կողմը այդ առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած եւ դիմած է վրացական իշխանութիւններուն` լուրջ քայլեր ձեռնարկելու խնդրանքով:
Հայ եւ վրացի մասնագէտները բանակցութիւններ կատարելէ ետք յառաջացուցած են ձեռնարկներու ծրագրում, որուն համաձայն, պիտի կատարեն եկեղեցւոյ պահպանման եւ վերանորոգման աշխատանքները: Նախ պէտք է եկեղեցւոյ մէջի մաքրման աշխատանքներուն սկսիլ եւ այդ պատճառով եկեղեցին պիտի փակուի որոշ շրջան մը: Տարածքի մաքրութեան պարտականութիւնը ստանձնած է Թիֆլիսի քաղաքապետարանը: Ապա պիտի սկսի քանդուած մասերուն վերականգնման աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին հայ մասնագէտներու կողմէ: Ժամանակի ընթացքին պիտի կազմուի ամբողջ եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրը: Այս առումով կարեւոր պիտի ըլլայ նիւթական աջակցութիւնը, որ տակաւին յստակ չէ, թէ ո՛ր կողմը պիտի ստանձնէ զայն:
Յայտնենք, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գրադարանի հարցը: Հայկական կողմը առաջարկած է տեղափոխել զայն, որովհետեւ միջնադարեան այս եկեղեցին եւս վերանորոգութեան կարիքը ունի:
ՔՈՒԷՅԹ
«ՄԱՆԿԱ ՄԵՍԻԱՆ» ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՔՈՒԷՅԹԻ
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ
Կիրակի, 8 յունուար 2012-ին, Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան կողմէ «Հայ գիրքի» տարուան առթիւ հրատարակուած, «Մանկա Մեսիա» մանկական պատկերազարդ Աստուածաշունչի բաշխման արարողութիւնը` Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի գլխաւորութեամբ եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհեայեանի եւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան պատասխանատու Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ:
Անոնք նախապէս հանդիպում մը ունեցան Ազգային վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեանին հետ եւ ծանօթացան վարժարանի առօրեային: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Մանկա Մեսիա» մանկական Աստուածաշուչի բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան` աշակերտութեան ներկայացնելով համախմբման առիթը: Այնուհետեւ հայրական ողջոյնը փոխանցեց Սրբազան հայրը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց ըսաւ.
– Սիրելի՛ աշակերտներ,
Այսօր մեզի հետ ունինք թանկագին հիւր մը, որ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով ձեզի կ՛այցելէ, որպէսզի ձեզի փոխանցէ շատ թանկագին նուէր մը:
Սեղանին վրայ դրուած գիրքերը Աստուածաշունչ մատեան են, պատկերազարդ հրատարակութիւն մը` յատկապէս հայացուած Հրայր Ճէպէճեանին կողմէ, ձեզի տարեկից եղող սերունդին համար: «Հայ մանուկին տարուան առիթով գեղեցկագոյն նուէր մը կը ներկայացնէ ձեզի Հ. Ճէպէճեանը, որպէսզի Աստուծոյ շունչին հետ հաղորդուիք նաեւ, եւ ձեր կեանքը փոխակերպուի ու նորոգուի Աստուծմէ եկող շնորհքով»:
Ապա իր խօսքը ուղղելով Ճէպէճեանին` ան «Իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներու` մեր գլխաւոր պարտականութիւնն է Աստուծոյ խօսքը տարածել եւ այդ խօսքին զօրութեամբ աստուածագիտութեան եւ փրկութեան շնորհքին հրաւիրել մարդկութիւնը: Հայ մանուկին տարուան առիթով արդար էր, որ Աստուածաշունչը հասնէր նաեւ հայ մանուկներուն: Այդ բաղձանքով, դուք ձեռնարկեցիք ծանր աշխատանքի եւ ահաւասիկ հասաք ցանկալի արդիւնքի:
Անկասկած «Մանկա Մեսիա» այս հրատարակութիւնը Աստուծոյ խօսքը տարածելու նպատակով ձեր ունեցած նախանձախնդրութեան արդիւնք է: Կը մաղթենք, որ նոր մօտեցումով պատրաստուած այս հրատարակութիւնը ըլլայ սրտամօտիկ բոլոր հայ մանուկներուն համար եւ զանոնք աւելի եւս մօտեցնէ Աստուծոյ:
Կը մաղթենք նաեւ, որ Աստուած ամենայն բարիքով լեցնէ ձեր կեանքը եւ ձեր բոլոր ծրագիրներուն պարգեւէ յաջողութիւն:
ՍՈՒՐԻԱ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻ
«ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՔ» ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԵԼՈՅԹԸ
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը հայրենիք-սփիւռք մշակութային կապի ամրապնդման ծրագրով 15-16-18 դեկտեմբերին կազմակերպեց «Զուարթնոց» երգչախումբին (ղեկավարութեամբ` Դաւիթ Պօղոսեանի) եւ «Հայկազունք» համոյթի (ղեկավարութեամբ` Գուսան Հայկազունի) միացեալ ելոյթները:
Բացման խօսքը արաբերով արտասանեց Մարալ Մելքոնեան-Հրեշտակեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթի կարեւորութեան եւ անոր պահպանման, ապա հայերէնով խօսք առաւ «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորի վարչութեան ատենապետ Կարպիս Դերձակեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց երգչախումբին կողմէ տարուած աշխատանքը, բարձրորակ ելոյթները` ղեկավարութեամբ տաղանդաւոր եւ ընդհանրապէս հայրենի արուեստագէտ-երաժիշտներու:
Թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան գնահատեց Գուսան Հայկազունին տարած արդիւնաւէտ աշխատանքը` երաժշտական ասպարէզին մէջ եւ յանձնեց արծաթեայ յուշանուէր` նուիրուած անոր 60-ամեակին:
Ապա սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ «Զուարթնոց» եւ «Հայկազունք» խումբերը համախմբուած են սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութեան սերտացման ձգտումով մշա-կութային կապը աւելցնելու համար, որովհետեւ հայ երգը, երաժշտութիւնը ինքնութիւն կերտող ազդակ է եւ մեզի կ՛ուսուցանէ հայրենիքով եւ հայութեամբ շնչելու:
ԳՐԱԿԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԵՐԵԿՈՅ ՄԸ
Վերջերս, կազմակերպութեամբ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գոհարներ Պարոյր Սեւակէն» խորագրով երեկոն` նուիրուած մեծանուն բանաստեղծի մահուան 40-ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանի Թիւթիւնճեան, որ անդրադարձաւ Համազգայինի հիմնադրութեան եւ տարած գործունէութեան` հիմնական նպատակ ունենալով հայապահպանումը, հայ մշակոյթի, գիրի եւ գրականութեան տիրակալութիւնը եւ անոր փոխանցումը նոր սերունդին:
Գրասէր խմբակ մը ներկայացուց Սեւակի կենսագրականն ու բանաստեղծութիւններէն հատընտիր կտորներ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան պաստառին վրայ երեւցան Պ. Սեւակի կենսագրութիւնը, ծննդավայրի յիշատակելի նկարները, տարբեր դիմանկարները, գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք
պատրաստուած էին Սարօ Օհանեանի կողմէ:
Բժշկ. Թորոս Թորանեան փոխանցեց Սեւակի հետ ունեցած իր հանդիպումներէն յուշեր:
Ձեռնարկի աւարտին հրաւիրուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Վահան ծ. վրդ. Պէրպէրեան, որ «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը:
ԿԻՊՐՈՍ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՀԱՅՐԵՆԻ
ԳՐԱԿԱՆԱԳԷՏ, ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ
ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հովանաւորութեամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղին, 14 դեկտեմբերին «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ: Օրուան հիւր դասախօսն էր հայրենի ականաւոր գրականագէտ, արուեստաբան, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, նիւթ ունենալով` «Հայրենի ժամանակակից գրականութիւնը եւ մամուլը»:
«Օշական» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Արթօ Դաւիթեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Երուանդ Տէր Խաչատուրեանը` որպէս սփիւռքահայ կեանքին ծանօթ մտաւորականի, որ դասախօսած է Պէյրութի Հայագիտական հիմնարկին եւ դպրեվանքին մէջ: Ան նաեւ խմբագիրն ու հրատարակիչն է բազում գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատին գինեձօնը պիտի կատարուէր երեկոյի աւարտին: Այդ գիրքերն են` Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկ եւ թոռնիկ»-ը, Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» եւ Գէորգ Գանտահարեանի մասին գիրքը:
Երուանդ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքը սկսաւ հայրենի գրականութեան 1957 թուականներէն նշելով արեւմտահայ յայտնի հեղինակներ` Մեծարենց, Սիամանթօ, Վարուժան…: Ան անդրադարձաւ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 եւ Սայաթ Նովայի ծննդեան
250-ամեակներուն, երիտասարդ տաղանդաւոր գրողներ` Համօ Սահեանի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Վահագն Դաւթեանի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մարօ Մարգարեանի, որոնք նոր աստիճանի բարձրացուցին մեր գրականութիւնը: Արձակագիրներէն ան առանձնացուց` Հրանդ Մատթէոսեանը, Մուշեղ Գալշոյեանը, Յովհաննէս Մելքոնեանը, Մանուկ Մնացականեանը…, որոնց մշակած գրականութիւնը խորքով ու մտածողութեամբ ազգային էր:
Բանախօսը խոր ցաւով անդրադարձաւ հայրենական ներկայ իրավիճակին, ուր չկայ գրական միջավայր, կը պակսի ոգին, իսկ լեզուն կը նահանջէ:
Անդրադառնալով մամուլին, ան նշեց, որ մամուլը պէտք է համապարփակ կերպով ներկայացնէ հայ իրականութիւնը, շեշտելով մասնաւորաբար, որ Հայաստանը միայն Երեւանը չէ, այլ նաեւ` գիւղերն ու շրջանները:
Աւարտին տեղի ունեցաւ վերոնշեալ գիրքերու աւանդական գինեձօնը` ձեռամբ Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Մոմիկ քհնյ. Հապեշեանի:
Այնուհետեւ Վարուժան արքեպիսկոպոս պարգեւատրեց հիւր-դասախօսը յատուկ կրծքանշանով մը` առ ի գնահատանք անոր հայ գրականութեան ի սպաս տարած բեղուն աշխատանքին:
ԻՐԱՔ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ԻՐԱՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ դասախօսական շարքի մը վերջին ձեռնարկը` նուիրուած իրաքահայ գաղութի անցեալին, ներկային եւ ապագային, ինչպէս նաեւ պարգեւատրման հանդիսութիւն` նուիրուած իրաքահայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին եւ հանգուցեալ անդամներուն, առ ի երախտագիտութիւն ու գնահատանաք անոնց երկարամեայ նուիրեալ ծառայութեան իրաքահայ գաղութին մէջ: Նախքան ձեռնարկը, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած իրաքահայ հասարակական գործիչներու եւ մտաւորականութեան յիշատակին:
Այնուհետեւ Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որ սկսաւ Վաչէ եւ Վահէ Կարապետեաններու կողմէ պատրաստուած` իրաքահայ գաղութէն առնուած պատկերներու ցուցադրութեամբ:
Եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին անունով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Արուսեակ Մելքոնեան, որ նկատել տուաւ, թէ կազմակերպուած ձեռնարկը իւրայատուկ է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձ կը կատարուի իրաքահայ գաղութի անցեալին, ներկային, եւ ապագային: Ան նաեւ յայտնեց, որ երեկոյի ընթացքին երախտագիտութիւն պիտի յայտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած իրաքահայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներուն, որոնք իրենց նուիրեալ եւ անսակարկ ծառայութեամբ զօրավիգ կանգնեցան իրաքահայ գաղութին` նպաստելով անոր բարգաւաճումին եւ անշեղ վերելքին, պահպանելով հայկական մեր մշակութային եւ հոգեւոր կեդրոնները հանդիսացող եկեղեցին, դպրոցն ու միութիւնները` հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն:
Օրուան բանախօս տոքթ. Վեհունի Մինասեան ներկայացուց Իրաքի անցեալը, հայ ժողովուրդի ունեցած մշակութային եւ քաղաքական սերտ յարաբերութիւնները դրացի ազգերուն հետ: Ան նաեւ անդրադարձաւ իրաքահայ գաղութի նորագոյն ժամանակաշրջաններու պատմութեան` շեշտելով, որ ստեղծագործ հայ ժողովուրդը, շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ ունեցած շնորհներուն, կրցաւ իր գոյութիւնը պաշտպանել` կառչած մնալով իր մայրենի լեզուին, քրիստոնէական հաւատքին, ազգային աւանդութիւններուն եւ արդար Դատին` հիմնելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային կեդրոններ: Բանախօսը նաեւ խօսեցաւ քաղաքական գետնի վրայ հայ համայնքին բերած մասնակցութեան եւ ցաւով նշեց, որ իրերայաջորդ պատերազմներու պատճառով տեղի ունեցած զանգուածային արտագաղթը վտանգի տակ կը դնէ համայնքի կառոյցներն ու կալուածները, ի մասնաւորի` Պաղտատի եւ Պասրայի մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով` գնահատանքի խօսքեր ուղղեց իրաքահայերուն, որոնք կառչած են մեր պապենական հաւատքին ու բարի աւանդութիւններուն, նուիրուած են մեր ազգին ու եկեղեցիին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի արարողութիւն:
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՉԻՆՍՈՒՐԱ
15 յունուարին Կալկաթայի հայ համայնքը, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի ուսուցիչները եւ խումբ մը աւագ աշակերտներ ուխտի գացին 1695 թուականին կառուցուած Չինսուրայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցի:
Ս. Յովհաննէսի մասունքը պահուած է Կալկաթայի Ս. Նազարէթ մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ տարին մէկ անգամ կը տարուի համանուն եկեղեցի:
Օրուան պատարագիչն էր հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան: Պատարագի ընթացքին ան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի ոսկեայ Աջով օրհնեց ուխտաւորները, ապա իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ անոր կարեւոր եւ նշանակալի դերին, որ ունի ընդհանրական եկեղեցւոյ համար:
Թէեւ երբեմնի հայաշատ Չինսուրայի մէջ, այսօր ոչ մէկ հայ կ՛ապրի, սակայն եկեղեցին կը գտնուի բարւոք վիճակի մէջ: Եկեղեցւոյ ամէնօրեայ պահպանութիւնը եւ խնամքը կը հոգայ Ս. Նազարէթ մայր եկեղեցւոյ վարչութիւնը:
ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ
ՀՅԴ 121-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Աւստրալիոյ հայ մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ՀՅԴի հիմնադրութեան 121-ամեակի տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամ Կարինէ Գաբրիէլեան: ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին պատգամը փոխանցեց Հայկ Գայսերեան: Ան նկատել տուաւ, որ Կոմիտէն ներկայ շրջանի երկամեակը կոչած է «Երիտասարդականացման շրջան» որովհետեւ կառոյցը կարիքը ունէր երիտասարդութեան նոր միտքերու, միջոցներու եւ կազմակերպչական արդիականացման: Ան նաեւ հաստատեց, որ ուղեկից միութիւնները մղեցին գործի` երիտասարդականացնելու իրենց շարքերը օժանդակելու իրենց ծրագրի իրագործման:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց ՀՅԴի յաջորդ քառամեակի ծրագիրը, յատկապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի նկատմամբ: Ան բարձր գնահատեց Աւստրալիոյ մէջ տարուած աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց ժողովուրդին` նեցուկ կանգնելու եւ մասնակից դառնալու բոլոր աշխատանքներուն: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱՆՈՅԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿ
Վերջերս նշուեցաւ Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի հայ մշակութային «Բանոյեան» կեդրոնի հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Ալֆոնս Տիոտաթի, որմէ ետք սրահի հիմնադիր բարերաներէն Անդրանիկ եւ Անի Բանոյեան ամոլը փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ կեդրոնի աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

