ՕՏԱՐԱԽՕՍ ԵՒ «ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅ»…
Կիրակի էր: Հայոց եկեղեցիի դիմացի մայթի սրճարանն էինք, ուր հայեր Ֆրանսայի ակադեմիայի անդամները կը կապկեն: Հարկ էր լսել Արմենակը` ցաւող ատամին մէջ շիւղ մտցնելու պէս:
– Կան երեւոյթներ, որոնց մասին խօսիլը մեղանչում կը համարուի: Կրնաք նոյնիսկ բանադրուիլ նահանջները տնտեսողներէն, ի վերուստ տրուած-ստացուած իրաւունքներով, որոնք տեղայնութեան ախտեր են:
Այսպէս խօսեցաւ Արմենակ, Ֆենիքսէն վերադարձին: Զարմանալի տիպար է: Ճամբորդութիւնը զինք կը թունաւորէ: Սպասեցի, որ պարպէ իր դառնութեան տոպրակը:
– «Քիսմըս»-ը տօնեցինք Լաս Վեկաս: «Քիսմըս»-ը Քրիստոսի ծննդեան օրն է, 24 դեկտեմբերին: Խաղատուները, ըստ նոր քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի, եկեղեցիներ են: Հիւրերն ալ հոն կը տանին, նաեւ` մանուկները, ընտանիքը, ծծկեր երեխաներն ալ, անշուշտ եթէ մանկան ծիծ տուողներ գտնուին:
– Գիտես, բայց կ’երթաս, դուն քե՞զ կը պատժես:
– Քիչ մը այդպէս է, երբ հանդիսատես կ’ըլլամ աւերներու: Ինչո՞ւ կ’ուզես, որ կամաւոր կոյր ըլլամ, սպասեմ, որ մահը գայ ու ողբամ: Սանուկս կարգադրած էր, որ պերճ պանդոկ մը իջեւանինք, երեք մեծ սենեակներ, մէկը մեզի, մէկը իրեն եւ կնոջ, միւսը զաւակներուն: Հոն կային բազմաթիւ հայեր, որոնք լաւ քրիստոնեայ ըլլալու էին, քանի որ եկած էին «Քիսմըս»-ի, տունը չէին մնացած հեռատեսիլ դիտելու համար:
– Լաւ է, Արմենա՛կ, քանի որ դեռ հայեր իրարու կը հանդիպին:
– Զիս «ձեռք մի՛ առներ»: Այս լաւ քրիստոնեայ հայերը, վերելակին մէջ, ճաշարանը, «պլաք ճաք»-ի սեղանին առջեւ Լոս Անճելըսի ամերիկերէն կը խօսէին:
– Ի՞նչ է, կ’ուզէիր, որ գրաբա՞ր խօսէին:
Արմենակ չնկատել ձեւացուց կճոցս եւ շարունակեց:
– Այս «Քիսմըս»-ի հաւատացեալները, երբ իրենց բախտը չէին փորձեր, ճաշարան կը վազէին: Աշխարհի բոլոր համադամներու փառատօն: Հոն տխուր խօսք լսեցի: Երբ ըսի, որ դուք հոս եկած էք Հալէպէն, Պէյրութէն, Երեւանէն, Գիւմրիէն, Թեհրանէն, Պաղտատէն, ինչո՞ւ այսքա՜ն իրար կ’անցնիք անգլերէն խօսելու համար: Քանի մը հոգի, ներառեալ` երիտասարդ մայրեր, երգչախմբային եղանակով ըսին. «Միսթըր Արմենաք, մենք ամերիքացի ենք»:
– Արմենակ, ե՞րբ պիտի դադրիս զարմանալէ: Ինչու հոս չե՞ս լսած, որ ըսեն, թէ «ֆրանսացի» են… Եթէ այդ «ամերիքացիները» հոս եկած ըլլային, «նոր ֆրանսացիները» զիրենք կրնային կոչել «արապ, պարսիկ, հայաստանցի»: Հայը անհետանալու ընթացքի մէջ է, նոյնիսկ երբ դեռ իր պոչին կապած ըլլայ «ծագումով հայ» ըլլալու աղմկարար թիթեղը: Դեռ ոմանք «ծագումով հայ» ըլլալու զոհողութիւնը կ’ընեն` տեղ մը «համայնք» ներկայացնելու փառասիրութեամբ, կամ` գոյնզգոյն միութիւններէն մէկուն «նախագահ» ըլլալու համար:
Արմենակ դադրեցաւ խօսելէ: Հարցուցի.
– Ի դէպ, Արմենակ, դուն, որ Պոլսէն կու գաս, աւելի ճիշդ` Իսթամպուլէն, չէ՞ պատահած, որ լսես, թէ քեզ ալ կը կոչեն «թուրք»:
Քաղաքավար եւ կենցաղագէտ Արմենակ եօթը յարկանի հայհոյանք մը ըրաւ: Յետոյ տխրօրէն գլուխը օրօրելով` ըսաւ.
– Մակա՛ր, Աւետարանէն ամէնէն աւելի սիրածս Քրիստոսի մտրակն է, որ տաճարէն վտարած է այլասերածները: Կը ծնի՞ հայուն Քրիստոսը, որպէսզի ցորենը զատուի որոմէն…
Մտածեցի ըսել. «Հաւատք քո կեցուցէ զքեզ»:
Ինչո՞ւ ցաւցնել Արմենակը: Թող շարունակէ սուրի հարուած տալ ջուրի մակերեսին… Un coup d’épée dans l’eau…
ՄԱԿԱՐ, 7 յունուար 2012
