ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅԵՐԸ ՋԱՒԱԽՔԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ

Խաչիկեան եւ դեսպան Եաքոպաշվիլի

ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ վրացական կառավարութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը Թիֆլիսի եւ Ուաշինկթընի մէջ իբրեւ նպատակ կը հետապնդէ ընդլայնել հայ-վրացական համագործակցութիւնը եւ աւելցնել վրացական եւ հայկական ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընդարձակել Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանին մէջ աշխատատեղերու ստեղծման գործին մէջ:

«Վրաստանի դեսպանատունը, հետեւելով Սամցխէ-Ջաւախքի շրջանի եւ ամբողջ հանրապետութեան մեր բոլոր քաղաքացիներուն տնտեսական զարգացման ուղղուած` մեր կառավարութեան ջանքերուն, պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի եւ վարչակազմի, ամերիկեան քաղաքացիական կազմակերպութիւններուն եւ, ի հարկէ, Ամերիկայի հայ համայնքին հետ, ինչպէս նաեւ ուղղորդել ամերիկեան օժանդակութիւնը` բաւարարելու Սամցխէ-Ջաւախքի աշխատատեղերու ստեղծումը, հոգալու արհեստագիտական եւ մարդասիրական կարիքները», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Վրաստանի դեսպան Թեմուրի Եաքոպաշվիլի:

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան յայտարարեց, որ դեսպան Եաքոպաշվիլիի եւ վրացի պաշտօնեաներուն հետ համագործակցելով` յոյս կայ ընդլայնելու հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր կապերը:

Անցնող սեպտեմբերին Խաչիկեան այցելեց Վրաստան եւ քանի մը հանդիպումներ ունեցաւ վրացի բարձրաստիճան ղեկավարներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ` նպատակ ունենալով աւելի շատ ուշադրութիւն հրաւիրել այդ երկրին մէջ հայ համայնքի վիճակին վրայ:

Թիֆլիս եւ Ջաւախք կատարած մէկ շաբթուան այցելութեան ժամանակ, որուն ընթացքին Քեն Խաչիկեանին կ՛ուղեկցէր Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Եղիսաբէթ Չուլճեան, քննարկուեցան ամերիկահայ համայնքի մտահոգութիւնները շրջանի ընկերային-տնտեսական վիճակին եւ վրացահայ համայնքի մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման առնչութեամբ:

Խաչիկեան եւ Չուլճեան հանդիպեցան արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէի, մշակոյթի նախարար Նիքոլոզ Ռուռուայի, կրթութեան, արդարադատութեան, տարածքային զարգացման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւններուն, շրջաններու համարկման եւ անվտանգութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Անոնք Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասի, Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Ճոք Քոնելլիի եւ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ընկերակցութեան տնօրէն Ճիմ Մաք Նիոլասի հետ քննարկեցին շրջանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան հարցերը:

Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի մէջ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները զրոյցներ ունեցան նաեւ հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու լայն շրջանակին եւ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ:

Այցելութեան աւարտէն ետք Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները սերտօրէն կը համագործակցին Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաներուն հետ` քննարկելով Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւն-Ջաւախքին պետական-սեփական հատուած համագործակցութիւնը, որ կրնայ շրջանին մէջ արտասահմանեան ներդրումներուն համար խթան հանդիսանալ:

 

Share this Article
CATEGORIES