VIVE LA FRANCE
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ողջ հայութիւնը աշխարհով մէկ շունչը բռնած հետեւեցաւ Ֆրանսայի ծերակոյտին օրակարգին վրայ դրուած հայոց մեզ հարցին լուծման պատասխանին: Արդեօք նախագահ Սարքոզիի յայտարարութիւնը ճշմարտութեան պիտի համապատասխանէ՞, թէ՞ դիւանագիտական ընթացիկ արտայայտութիւն մը պիտի մնայ: Կ՛ակնարկենք երկու ամիս առաջ նախագահ Սարքոզիի Երեւան տուած այցելութեան, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողին դիմաց անոր խոնարհումին եւ ծաղկեպսակի զետեղման` ի յիշատակ հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն: Այս արդէն ջղայնացուցած էր Թուրքիոյ Աւագանին, Էրտողանէն մինչեւ Տաւութօղլու եւ միւսները: Այդ թուականէն ի վեր անհանգիստ էր Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը: Ֆրանսայի մէջ թուրք դեսպանը տուն կանչուած էր, բայց հազիւ մէկ-երկու շաբաթ անց վերադարձաւ մարդը, իբրեւ նշան դիւանագիտական նոր խորամանկութեան մը, նոր սուտերով օրօրելու Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամները:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ արդարադատութիւնը պիտի որոշէր Հրանդ Տինքի ոճրագործներուն յայտնաբերումը, անունը կամ անունները: Ֆեթհիէ Ջեթին, որուն երակներուն մէջ հայու արիւն ծորած էր, չկրցաւ զայրոյթը զսպել ի տես եւ ի լուր թուրք դատարանին վճիռին, կեղծ որոշումներուն, դատապարտութեան խօսքերով մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ անորոշ ձգելով ոճրագործը պատժելու որոշումը: Ուրեմն Հրանդ Տինքը սպաննող մարդ չկայ, յանցաւոր մը չկայ: Ուրացում եւ սուտ երդում:
Ա՛յս է թուրքը: Յետոյ ի՞նչ: Սպառնալիք Ֆրանսայի դէմ, տնտեսական եւ զինական գործառնութեանց դէմ: Թուրքիան սկսաւ Ֆրանսան վախցընել իր… ընծայելիք մեծ գումարներով, փոխան ինչ-ինչ գնումի: Այս պարագային ծիծաղելի էր Էրտողանի «ուխտը».- «Այսուհետեւ ոտք չեմ կոխեր Ֆրանսա»: Ինքնահաւան, մեծամիտ եւ մանկամիտ Էրտողան, ուզես գնա ուզես մի՛ երթար: Ինչ կը պակսի Փարիզի…
Թուրքիոյ մամուլը եւ հեղինակաւոր անձեր մեղադրեցին կամ այպանեցին Սարքոզին, թէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան ֆրանսահայերու 500 հազար քուէարկողներու քուէներուն կը կարօտի նոր ընտրութեան մը յաջողութիւնը ապահովելու: Մինչեւ իսկ Թուրքիոյ մէջ թուրք գործարարներ Սարքոզիին անունով խայտառակ ծանուցումներ հրապարակեցին աղբի տոպրակներու եւ այլ գարշելի ձեւերով: Հապա՞ ամբողջ Եւրոպայի մայրաքաղաքներէն եւ այլ ոստաններէն 15 հանրակառքերով թուրք խուժանին մուտքը Փարիզ, բողոքի վայրագ ցոյցերով, հայհոյանքներով «համեմուած»: Տաւութօղլուի հոգին դուրս եկաւ` սպասելով ՍԵՆԱԹԻ տալիք արդիւնքին:
Ի վերջոյ արդարութիւնը բարձրացուց իր մեծ մատը եւ գոչեց. «Ճառագայթը չի՛ թաղուիր», պարո՛ն թուրքեր: Որքան որ կ՛ուզէք ձեր պատկերասփիւռներէն ցոյց տուէք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն հայ զոհերուն նկարները, աճիւնները, կմախքները` ըսելով թէ այդ զոհերը թուրք հայրենակիցներ են, հայերու ձեռքով ջարդուած: Այսպէս գրեցին մամուլով, յայտարարեցին պատկերասփիւռով, ի վերջոյ գտնուեցաւ ճշմարտախօս թուրք մը, որ ըսաւ.
– Բայց ինչո՞ւ հարիւր տարիէ ի վեր այս մասին բան մը չըսիք, ինչո՞ւ հիմա կը խօսիք…
Այսօր Ֆրանսայի ծերակոյտը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման կամ ուրացման քրէականացումը: Կեցցէ՛ Ֆրանսան:
Աշխարհ վկայ է հայ ժողովուրդի ապրած նահատակութեան: Պատմութեան վկայութեան բնա՛ւ կարիք չկայ պարոն Էրտողան: Աշխարհով ցրուած հայ սփիւռքը ինչո՞ւ կազմուած է: Ինչո՞ւ այսքան գաղութներ ստեղծուած են: Իր բնօրրանէն տարագրուած հայութեան ձայնն է որ հնչեց Փարիզի խորհրդարանէն: Այո՛, ցեղասպանութիւն գործած է օսմանցին, հայրը` Էրտողաններու…

