ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
17-21 յունուար 2012-ին, Ատիս Ապապայի մէջ (Եթովպիա), Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան իններորդ ժողովը:
Հայ եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան: Յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Օշական արք. Չոլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
17 յունուարին Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի ներկայացուցիչները առանձին հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին իրենց եկեղեցիները յուզող միջեկեղեցական հարցեր: Հանդիպման բացման նիստին նախագահեց Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Փաուլոս պատրիարքը: Նարեկ սրբազան պատրիարքին փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները եւ ներկաներուն` հայրական օրհնութիւնները: Նոյն իրիկունը, աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի բոլոր անդամները հիւրը եղան Եթովպիոյ պապական նուիրակին:
18-21 յունուարին յանձնախումբը քննարկեց «Եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցած հաղորդութիւնն ու հաղորդակցութիւնը եւ վանականութիւնը» նիւթը, որուն մասին վեց դասախօսութիւններ տրուեցան:
20 յունուարին աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի անդամները ներկայ գտնուեցան Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մկրտութեան տօնին, որ ժողովրդային բազմահազար ներկայութեամբ նշուող մեծագոյն տօնն է: Տօնին նախագահեց եւ յանձնախումբի անդամները ողջունեց Փաուլոս պատրիարք: Նոյն իրիկունը պատրիարքը յանձնախումբի անդամները պատուեց պաշտօնական ընթրիքով, որուն ընթացքին խօսք առաւ Նարեկ սրբազան եւ յանուն վեհափառին նուիրեց Անթիլիասի մէջ լոյս տեսած Ս. Ներսէս Շնորհալիի բազմալեզու «Հաւատով խոստովանիմ» հատորը:
22 յունուարին հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ երեք սրբազանները եթովպահայ համայնքին հետ մասնակցեցան կիրակնօրեայ արարողութեան: Արմաշ սրբազան մատուցեց սուրբ պատարագը եւ Նարեկ սրբազան քարոզեց` փոխանցելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնները:
Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 22-27 յունուար 2013-ին` Հռոմի մէջ:


