ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական Մարմինը Լիբանանահայ համայնքին անունով իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին, Ֆրանսայի ծերակոյտին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման: Պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան վերականգնման մեծ յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ:
Ֆրանսան` մարդկային իրաւունքներու ջատագովն ու դրօշակակիրը, անգամ մը եւս փաստեց եւ հաստատեց, որ կը մնայ իբրեւ այդպիսին, եւ բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդները կրնան յուսալ արդարութեան վերահաստատման, անժամանցելիութեան եւ խաղաղ համակեցութեան:
Այս օրինագիծին ընդունումը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով հսկայական քայլ մըն է, որ պիտի նպաստէ այլ երկիրներու կողմէ եւս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ընդունման: Իսկ մեր փափաքն է, որ այս օրինագիծը որդեգրուի եւրոպական այլ երկիրներու եւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ եւս. եթէ Թուրքիան ի վերջոյ մաս պիտի կազմէ քաղաքակիրթ այս աշխարհին, ուրիշ ելք չունի, բացի արժանավայել կերպով ճանչնալու իր պապերուն գործած ոճիրը եւ փակելու պատմութեան այս սեւ թղթածրարը:
Կեցցէ՛ Ֆրանսան եւ կեցցէ՛ արդարութիւնը:
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ

