ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ` ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար դոկտ. Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի, պետական երեսփոխաններու, ազգային, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հանրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի բացման արարողութիւնը:

Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ» շէնքին մէջ կայացած այս ձեռնարկին սկզբնաւորութեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ ձեռնարկի հովանաւոր բարերար, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» ֆոնտի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեան վար առին կեդրոնին յատուկ ցուցատախտակի քօղը: Ապա համալսարանի վարիչ դասախօսներէն դոկտ. Արտա Էքմեքճի բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրը` կարեւոր իրագործում նկատելով նման կեդրոնի մը հաստատումը Լիբանանի մէջ:

Նախ խօսք առաւ համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` ընդգծելով, որ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնումը «մեզ կը մղէ դիմակալելու նոր փուլի մը մարտահրաւէրները»: «Մշակութային իր բացառիկ աւանդով ու հայկական արմատական ու հոծ ներկայութեամբ յատկանշուող Լիբանան խթան կը հանդիսանայ, Հայկազեան համալսարանը նկատելու բնական վայրը` հայութեան ու անոր միջինարեւելեան սփիւռքի ուսումնասիրութեան», ընդգծեց վեր. Հայտոսթեան:

«Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր Հայկազեան համալսարանի ծրագիրներու օրակարգին վրայ եղող ու սեպտեմբեր 2011-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ներկայութեամբ գումարուած գիտաժողովին շեշտակիօրէն առաջարկուած նման կեդրոնի մը հիմնումը այսօր իրականութիւն է», յայտնեց վեր. Հայտոսթեան` խոր գոհունակութիւն յայտնելով նախարար Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձին համար:

Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ կեդրոնի բարերար Երջօ Սամուէլեանին, «առանց որուն նուիրատուութեան կարելի պիտի չըլլար իրականացնել այս ձեռնարկը»: Վեր. Հայտոսթեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեանի խնամակալութեան ու յատկապէս դոկտ. Յարութիւն Նիկոլեանին` իրենց ցուցաբերած քաջալերանքին ու զօրակցութեան համար:

Հայկազեան համալսարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ կեդրոնի տնօրէն նշանակուած է դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ 2010-ին Կալեսի Սուանսի համալսարանին մէջ ներկայացուց իր դոկտորայի աւարտաճառը` «Ժողովրդավարութիւն եւ համարկում բազմահամայնքային քաղաքական վիճակներու մէջ. հայերու եւ քիւրտերու պարագան Լիբանանի մէջ» խորագիրով:

Ապա Հայտոսթեան իր հաճոյքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց նախկին նախարար, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի ներկայութեան համար` յոյս յայտնելով արդիւնաւէտ փոխադարձ գործակցութեան:

Իր կարգին, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն ողջունեց կեդրոնի հիմնումը` դրուատելով անոր նախաձեռնող կողմերուն ճիգերը եւ խոստանալով արդիւնաւէտ ու յարաճուն գործակցութեամբ զարկ տալ այս կեդրոնի զարգացման:

Ապա խօսք առաւ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ շեշտեց, թէ հայերու կապը արաբական արեւելքին հետ կու գայ նախքան Քրիստոս առաջին դարէն, իսկ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի բնակիչ «Սիսի» (Sisy family) գերդաստանը հաստատուած է լիբանանեան Քալամուն (Qalamoon) շրջանը 1350-ին, ապա տեղափոխուած Զղարթայի շրջանը: Ապա դոկտ. Տագէսեան թուեց Լիբանանի հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնները, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի (Եու. Էս. Ժի.), Համազգայինի եւ ՀԲԸՄ-ի մէջ, որոնց նպատակն էր հայեցի բարձրագոյն ուսում ջամբել իրերայաջորդ հայ նոր սերունդներուն, մինչ Հայկազեան համալսարանին մէջ 1955-ին հիմնուած Հայագիտական ամպիոնի բաժանմունքը համալսարանական դասաւանդութեամբ կը յատկանշուէր: «Հոսկէ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաստատման կարեւորութիւնը», շարունակեց դոկտ. Տագէսեան` իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնելով բարերար Երջօ Սամուէլեանին, Հայկազեանի խնամակալութեան ու անոր նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին: Ան նաեւ կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հետագային պիտի գործակցին ու նպաստեն կեդրոնի գործունէութեան:

Ապա, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց կեդրոնի հաստատման այս քայլը, ապա ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի` յատուկ այս առիթով յղած շնորհաւորական ուղերձը, ուր ան յոյս կը յայտնէ, որ «փոխադարձ գործակցութեամբ նոր լիցք ներարկուի սփիւռքի վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութեանց իրականացման աշխատանքին մէջ»:

Այս առիթով, ինչպէս աւանդական սովորութիւն է, դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան Հայկազեան համալսարանի անունով յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES