ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹԵՐԱՑՈՒՄ ՄԸ, ՈՐ ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԻ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ֆրանսայի ծերակոյտի իրաւական հարցերով յանձնախումբը  չորեքշաբթի, 18 յունուարին իր գումարած նիստին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատեց: Ապա նշեալ յանձնախումբի զեկուցող Ժան-Փիեռ Սիւէօր երկուշաբթի, 23 յունուարին, օրինագիծի քննարկման յատկացուած ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ զգուշացուց, որ եթէ Սահմանադրական դատարանը այս օրինագիծը հակասահմանադրական նկատելով մերժէ զայն, ապա այդ մէկը ժխտողականութեան համար յաղթանակ մը պիտի ըլլայ եւ այդ վտանգը իսկական է ու կրնայ վիրաւորել հայութեան զգացումները: Իսկ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Էրտողան 24 յունուարին օրինագիծին դէմ քուէարկած «ճիշդ մտածելակերպ ունեցող» ծերակուտականներուն կոչ ուղղեց օրինագիծը Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանին մօտ բողոքարկելու: Այժմ կը հաղորդուի, որ շարք մը խորհրդարանականներ սկսած են այդ նպատակով ստորագրահաւաք կատարել:

Հայկական լրատուամիջոցներ շուրջ երկու օրէ ի վեր կը վստահեցնեն, որ «հարցը վիճարկելու համար անհրաժեշտ է նուազագոյնը 60 խորհրդարանականի զօրակցութիւնը: Սակայն, հաշուի առնելով խորհրդարանին եւ ծերակոյտին մէջ այս փաստաթուղթին առնչութեամբ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին դէմ արտայայտուած օրէնսդիրներու փոքր թիւը, հաւանականութիւնը, որ կարելի պիտի ըլլայ օրէնքը Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկել, մեծ չէ»:

Այս լաւատեսութիւնը անհիմն է եւ անզգուշ:

Եթէ միայն 60 խորհրդարանականներուն (ծերակուտական եւ երեսփոխան) ստորագրութիւնը բաւ է կամ պահանջուածը 60 երեսփոխանի եւ 60 ծերակուտականի ստորագրութիւնն է, պէտք է նկատի ունենանք, որ միայն ծերակոյտին մէջ արդէն 86 ծերակուտականներ օրինագիծին դէմ արտայայտուած են: Իսկ այս թիւին վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ խորհրդարանին մէջ օրինագիծին դէմ արտայայտուած երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ այդ նիստէն բացակայած նկատառելի թիւով երեսփոխանները, որոնց որդեգրելիք կեցուածքը առայժմ խիստ հարցական է, պիտի տեսնենք, թէ այդ լաւատեսութիւնը որքա՛ն անտեղի է:

Մենք զգացական ժողովուրդ ենք. մեր խելքը մեր սրտին մէջ է: Ահա թէ ինչո՛ւ պատմական որոշումի եւ ձեռքբերումի պահէն գինովցած շնորհակալութիւն կը յայտնենք երկրի մը, որ իր ծերակուտականներուն եւ խորհրդարանի հետ կապերու հարցով նախարար Փաթրիք Օլիէի վկայութեամբ, այդ քայլով պարզապէս իր օրէնսգիրքը ամբողջացուց, որովհետեւ այդ օրէնսգիրքին մէջ արդէն իսկ հրէական Ողջակիզումի ժխտումը քրէականացնող օրէնք մը կար, իսկ ֆրանսական հանրապետութեան հիմնարար սկզբունքներէն հաւասարութեան սկզբունքը կը պահանջէ, որ Ֆրանսայի հայ եւ հրեայ քաղաքացիները պետութեան կողմէ նոյն վերաբերմունքին արժանանան: Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ նշեալ օրէնքին որդեգրման մէջ գոյութիւն ունին ընտրական շահեր եւ Եւրոպական Միութեան մակարդակի քաղաքական հաշիւներ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ կատարուածը շնորհ մը չէր, ուստի շնորհակալ ըլլալու կարիք չկայ: Մեր շահերուն համընկնող այդ քայլը կարելի է միայն ողջունել կամ ատոր համար գոհունակ ըլլալ, որովհետեւ այն, ինչ որ ստացանք, մեր արդար իրաւունքն է` իբրեւ քաղաքացի, իբրեւ ազգ:

Այժմ անհրաժեշտ է սպասել նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ օրինագիծին ստորագրման, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարանի դիմումին առնչուած հոլովոյթի արդիւնքին եւ զգուշանալ «արջը սպաննելէ առաջ մորթը ծախել»-է:

Պահ մը պատկերացուցէք, որ հայութիւնը ինչպիսի՛ ցնցում մը պիտի ապրի, եթէ յանկարծ, Աստուած մի արասցէ, Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանը օրինագիծը հակասահմանադրական նկատէ: Հայ հասարակութեան յուսախաբութիւնը որքա՞ն մեծ պիտի ըլլայ: Հայկական լրատուամիջոցները պէտք էր աւելի զգուշ եւ շրջահայեաց ըլլալով մեր ժողովուրդը այդպիսի հաւանական ժխտական զարգացումի մը յառաջացնելիք հիասթափութենէն պաշտպանելու մասին մտածէին եւ ոչ թէ զգացական պնդումներով այդ ազդեցութեան խորացման նպաստող պայմաններ ստեղծէին: Թերացում մը արձանագրուած է: Պէտք է սրբագրել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES