ԵԳԻՊՏՈՍ ՆՇԵՑ ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ՏԱՊԱԼԱԾ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Ազատագրութեան հրապարակին վրայ համախմբուած ցուցարարները

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ երէկ դարձեալ հաւաքուած էին Ազատագրութեան հրապարակին վրայ:

Հաւաքի նպատակը «Փարաւոն»-ը` Մուպարաքը գահընկէց ընելու առաջին տարեդարձը նշելն էր: Ցուցարարները նաեւ մէկտեղուած էին յեղափոխութեան շարունակութիւնը պահանջելու համար:

Ամբոխը կը վանկարկէր. «Անկցի՛ն զինուորականները: Անկցի՛ զինուորական իշխանութիւնը»: Ցուցարարներ կը պահանջէին զինուորականներէն ամբողջ իշխանութեան փոխանցում քաղաքացիական կառավարման եւ անցեալ տարուան խռովութիւններուն ընթացքին 846 ցուցարարներու սպանութեան մեղաւորներու պատասխանատուութեան ենթարկում:

Գահիրէի Ազատութեան հրապարակի ցուցարարները նաեւ իրենց դժգոհութիւնը արտայայտեցին այն փաստին գծով, որ Մուպարաքէն ետք զինուորականներու իշխանութեան ընթացքին 90 ցուցարարներ սպաննուած են:

 

Share this Article
CATEGORIES