ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերա ժամանեց Պէյրութ` իր պաշտօնը ստանձնելու համար զօր. Ալպերթօ Ասարթայէն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անձնական օդանաւով մը Պէյրութէն մեկնեցաւ Մոսկուա:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները` երկու նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան ընդմէջէն:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը լիբանանեան պետութենէն պահանջեց հարցաքննել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը եւ սուրիական վարչակարգին դէմ բողոք ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կանխամտածուած կերպով եւ կատարեալ յստակութեամբ բոլոր ծրագիրները կը խանգարէ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն վերընտրուեցաւ նոյն պաշտօնին համար:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պենզինի թիթեղին սակը բարձրացաւ 400 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 300 լ. ոսկիով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի որոշած է 14 փետրուարին ներկայ ըլլալ իր հօր սպանութեան Է. տարելիցին, որ պիտի նշուի «Պիել»ի մէջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, շիի հոգեւորականներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ կը պատրաստուին յայտարարելու շիի երրորդ ուժ մը, որուն նպատակն է վերջ տալ շիի համայնքին ներկայացուցչութիւնը իրենց սեփականութիւնը դարձուցած երկու ուժերուն` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի մենատիրութեան:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս լիբանանցի աշխատաւորները զրկած է իրենց իրաւունքներէն, որովհետեւ ան մերժած է անոնց չորս ամսուան յետնեալները վաւերացնելու դրութիւնը: Ղոսըն շեշտեց նաեւ, որ աշխատանքի նախարարը իրաւունք չունի միջամուխ ըլլալու համադաշնակցութեան ներքին աշխատանքներուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Արաբական լիկայի որոշումներուն կարեւորութիւնը կը գտնուի Սուրիոյ թղթածրարը միջազգայնացնելու իր յատկութեան մէջ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ շրջանին մէջ յաւելեալ մագլցումներ նախատեսուած են` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի տագնապը կը ներառէ բոլոր պետութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Էլի Մարունի մտավախութիւն յայտնեց, որ հակառակ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարելուն, Ֆայեզ Քարամ Հըզպալլայի երեսփոխաններէն դառնայ: Մարունի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջեց հրաժարիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է ելեկտրականութեան տագնապին եւ պէտք է անմիջական քայլերու դիմէ` լուծելու համար այդ տագնապը:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը կարելի չէ լուծել ցոյցերով, այլ` անոր լուծման եղանակին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ նկատել տուաւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ պիտի կարենան մշակել արդի ընտրական օրինագիծ մը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

