ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԳՐԵԼ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ ոչ թէ ամբողջ երկրին ելեկտրականութեան տագնապը նախարարութեան մը պատասխանատուութիւնը նկատելու:

Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ տագնապին պատասխանատու են երկրին իրերայաջորդ կառավարութիւնները:

«Կառավարութիւնը պէտք է ամենայն պատասխանատուութեամբ լուրջ քայլի մը նախաձեռնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ ելեկտրական տագնապը լուծել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES