ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲՌՆԿՈՂ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋՔԸ ԱՌՆԵԼՈՒ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ցաւ յայտնեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհներուն առաջքը չառնելու իմաստով: Ան ցաւ յայտնեց Սատ Պաուշրիէի մէջ կօշիկ արտադրող գործարանին մէջ բռնկած հրդեհին համար, զօրակցեցաւ գործարանին տիրոջ եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Նախարար Սապունճեան զգուշացման կոչ ուղղեց գործարաններու սեփականատէրերուն` նկատել տալով, որ անոնցմէ կ՛ակնկալուի նման արկածներու եւ յատկապէս հրդեհներու առաջքը առնել` գործարաններուն մէջ գործադրելով կանխարգիլման միջոցներ:

Ան աւելցուց, որ այս միջոցներուն որդեգրումը պայման պիտի դառնայ գործարաններուն` աշխատանքի նոր արտօնագիրներ ստանալու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES