ՄԱՆՍՈՒՐ ԱԼԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն գումարած արտակարգ նիստին արդիւնքները:
Մանսուր Ալիին յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Լիբանան պահանջած է վերջ տալ Արաբական լիկային կողմէ Սուրիոյ անդամակցութիւնը առկախելու որոշումին, ինչպէս նաեւ շեշտած է Սուրիոյ կողմէ Արաբական լիկային հետ ստորագրուած արձանագրութիւններուն գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր եւ Ալի քննարկեցին նաեւ Հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանային միջադէպերուն մանրամասնութիւնները եւ ընդգծեցին լիբանանեան-սուրիական սահմանը փակելու կարեւորութիւնը:


