ՄԻՔԱԹԻ ՊՔԵՐՔԷԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարը, որուն այցելութեան նպատակն էր հրաժեշտ տալ վարչապետին` Միջազգային դատական ատեանի նախագահութեան պաշտօնէն իր հրաժարելուն առիթով:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Պքերքէի հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ, Ժորժ Ատուան, Ալեն Աուն եւ Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:
Հանդիպումէն ետք յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, որ յանձնախումբը վարչապետին հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս ընտրական օրինագիծին մանրամասնութիւնները:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ ընտրական որեւէ օրինագիծի պարագային Թաէֆի համաձայնագիրին որոշած իսլամ – քրիստոնեայ երեսփոխաններուն թիւը հաւասար պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ մամլոյ նորընտիր սենտիքան` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելման որոշումը երկու օրէն պիտի հրապարակուի պետական պաշտօնաթերթով:
«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւնները այնքան սուր չեն, որ կառավարութիւնը հրաժարի: Միւս կողմէ, ան ստորագրեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ յառաջիկայ 4 փետրուարին եւ 9 փետրուարին Մոհամետ մարգարէի ծննդեան եւ Մար Մարոնի տօներուն առիթով պետական հաստատութիւնները պիտի փակուին եւ երկիրը պաշտօնական արձակուրդի մէջ պիտի ըլլայ:


