ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ
Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխաններուն կողմէ յանձնախումբին նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելէ ետք, երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց յանձնախումբին նիստին:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարտ 14-ի ուժերու երեսփոխանները` ներկայութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի նախագահած նիստը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին յանձնախումբը նոր նիստի մը պիտի հրաւիրուի` շարունակելու համար իր աշխատանքները:
Նշենք, որ նախքան ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին նիստը, Պըրրի նախագահեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու նախագահներուն եւ քարտուղարներուն միացեալ նիստին, որուն ընթացքին ան շեշտեց յանձնախումբերու աշխատանքներու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն ամբողջացնելու համար դատավարութիւնները եւ թեթեւցնելու համար Ռումիէի բանտին խճողուածութիւնը:


