ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նախագահ Սլէյման եւ Պըրրի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մնայուն եւ միացեալ յանձնախումբերուն վերաբերող աշխատանքները` վաւերացնելու համար խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին առաջարկուած բոլոր օրինագիծերը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի հետ: Քննարկուեցան Մուքպելի նախագահած նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Պելմար յայտնեց, որ ինք կը նախընտրէ հրաժարիլ իր պաշտօնէն եւ հանգստեան կոչուիլ:

Հանրապետութեան նախագահը` Պելմարի հետ հանդիպման ընթացքին

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Պելմարին` Միջազգային դատական ատեանին նախագահութեան ընթացքին անոր ի գործ դրած ճիգերուն համար:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին եւ վարչական ապակեդրոնացումի դրութեան վերաբերող հարցեր:

 

Share this Article
CATEGORIES