ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆ ԷՐ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ալաէտտին Թըրօ:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 59 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն ծիրին մէջ նաեւ Մանսուրիէի ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապը, որ հրատապ է լիբանանցիներուն համար:
Այս ծիրին մէջ ուժանիւթի նախարարութիւնը առաջարկեց, որ պետութիւնը գնէ Մանսուրիէի շրջանի ընդդիմացող բնակիչներուն բնակարանները` ելեկտրականութեան բարձր լարման գիծերու ծրագիրը գործադրելու համար: Կառավարութիւնը ընդառաջեց նախարարութեան առաջարկին:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց արտօնել, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կամաւորներուն թիւը 4000-էն 6000-ի բարձրացնէ մինչեւ 2012-ի երկրորդ կէսը:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտած է կառավարութեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով նաեւ, որ անհրաժեշտ է պատասխանատուութիւնները բաժնել եւ այս կամ այն կողմը միակ պատասխանատու չնկատել:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան դիմագրաւած բոլոր հարցերուն լուծումներ գտնելու համար համախոհութիւն գոյացնել եւ գործակցիլ:
Յայտնենք, որ ժողովին ընթացքին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շարպել Նահհաս անակնկալօրէն պահանջեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի պաշտօնազրկումը: Հակադարձելով այս պահանջին` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այս հարցով աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ նախարար Շարպել Նահհաս խօսէր ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտի հետ եւ այն ժամանակ հարցը լուծուէր: Լարուածութիւնը երկու նախարարներուն միջեւ հասաւ այն աստիճանին, որ նախարար Մարուան Շարպել նիստը կիսատ ձգեց եւ հեռացաւ ժողովասրահէն, սակայն շուտով ընդառաջելով նախարարներու խնդրանքին վերստին միացաւ ժողովին:


