ԳԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԾՆՈՂՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ՆՈՐԱԾԻՆԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ԴՐԻՆ ՍԱՐՔՈԶԻ
Գիւմրիի ծննդատան մէջ երէկ ծնած փոքրիկը կոչուած է Սարքոզի` ի պատիւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի:
Նորածինի հայրը` Կարապետ Աւետիսեան յայտնեց, որ նախապէս որոշած էին երեխային տալ իր հօր անունը` Գէորգ: Ան նշեց, որ ուշադրութեամբ հետեւած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումներուն Ֆրանսայի ծերակոյտին մէջ եւ ամբողջ հայութեան եւ իրենց կողմէ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին այդ քայլին համար:
«Մենք որոշեցինք նորածինին պարագաներ նուիրել մեր ծննդատան կողմէ: Հանրապետական կուսակցութիւնը առաջինը արձագանգեց եւ դրամական օգնութիւն տուաւ: Կը սպասենք, թէ ո՛վ պիտի այցելէ: Արձագանգը շատ մեծ է` առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ, մարզպետարանին կողմէ հետաքրքրուեցան», աւելցուց ծննդատան տնօրէնը:
2001 թուականին, երբ Ֆրանսան ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ հայ ընտանիքի մը ծնողները իրենց նորածին երկուորեակները կոչած էին Ժաք եւ Շիրաք` ի պատիւ Ֆրանսայի այն ժամանակուան նախագահ Ժաք Շիրաքին:


