ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ` Արցախի շարք մը երիտասարդական կազմակերպութիւններ հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ խորին երախտագիտութիւն կը յայտնեն «Ֆրանսայի արդարամիտ ժողովուրդին, Ազգային ժողովին, ծերակոյտին, օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէին եւ Ֆրանսայի նախագահին ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծը ընդունելու առիթով»:

«Անգամ մը եւս ականատես կ՛ըլլանք Ֆրանսայի ժողովուրդի հաւատարմութեան համամարդկային բարձր արժէքներուն նկատմամբ: Ֆրանսայի ծերակոյտը, բարձր դասելով համամարդկային  արժէքները ամէն կարգի տնտեսական եւ այլ շահերէն, վստահեցուց համայն աշխարհին, որ Ֆրանսան իւրօրինակ դեր ունի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ: Ըլլալով ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ` Ֆրանսան բազմիցս հանդիսացաւ անկողմնակալութեան եւ արդարութեան առաջամարտիկը եւ այս անգամ նոյնպէս, հակառակ բոլոր խարդաւանքներուն եւ սպառնալիքներուն, հաւատարիմ մնաց իր իսկ կողմէ հռչակած համամարդկային արժէքներուն: Թոյլ տուէք չկասկածիլ, որ, իբրեւ այս հոլովոյթի տրամաբանական շարունակութիւն, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ օրինագիծը պիտի վաւերացուի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES