ՃԱՏՐԱԿ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ 12-ՐԴ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՅՍՏԱԿԱՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՕԹԸ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐԸ
Յառաջիկայ 6-19 մայիսին, Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց 12-րդ ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին հայրենի եօթը մասնակցողներուն անունները յստակացան:
Եւրոպայի ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Լիլիթ Կալոյեան, Նելլի Աղինեան, Աննա Հայրապետեան, Լիա Մարտիրոսեան եւ Անահիտ Խարատեան:
CATEGORIES Մարզական