ԿԱԼԱՍ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻՈՎ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ
Ֆրանսացի յետսապահ Ուիլիամ Կալաս համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին` Թոթենհամի հետ երկու տարիով երկարաձգելու: Ան այսպիսով մինչեւ 2013 պիտի մնայ իր ակումբին հետ, յայտնեցին լոնտոնեան կազմին պատասխանատուները` իրենց պաշտօնական կայքէջին վրայ:
33 տարեկան Կալաս, որ նախորդ օգոստոսին մէկ տարուան համաձայնագիր մը ստորագրեց լոնտոնեան կազմին հետ, ինքզինք պարտադրելով նախ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն խմբապետ նշանակուեցաւ, ապա` «Չեմփիընզ լիկ»ի մրցաշարքին:
Նշենք, որ ան միակ մարզիկն ըլլալով իրարու մրցակից լոնտոնեան երեք ակումբներու` Չելսիի, Արսենալի եւ Թոթենհամի մաս կազմած է:
Անոր կազմը յառաջիկայ ամիս «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ռէալ Մատրիտի դէմ:
CATEGORIES Մարզական