«ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ողջունելով Ֆրանսայի ծերակոյտին ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսած է. «Ֆրանսան այսպիսով ճանապարհ կը բանայ Թուրքիոյ` սրբագրելու պատմական իր անցեալը: 23 յունուար 2012-ի քուէարկութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այն դէպքը, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ֆրանսական նաւատորմը մեր ժողովուրդին մէկ հատուածը Լիբանան տեղափոխեց, որպէսզի անոնք խուսափին իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն ճակատագիրէն: Քուէարկութիւնը շարունակութիւնն է մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ Ֆրանսայի պատմական յանձնառութեան»:
Վեհափառին համոզումով` այս պատմական քուէարկութեամբ Ֆրանսա կ’օգնէ Թուրքիոյ` միանալու այն հզօր երկիրներուն, ինչպէս` Ողջակիզումը ճանչցած Գերմանիան, Սրեպրենիցայի ցեղասպանութիւնը ընդունած Սերպիան, բնիկներու ցեղասպանութիւնը ընդունած Քանատան:
Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս ըսած է. «Ասիկա առիթ է Թուրքիոյ համար` տեղի տալու իր մերժողական քաղաքականութեան, դադրեցնելու մարդու իրաւունքներուն հաւատարիմ երկիրները անպատասխանատու անուանելը, ձեռնարկելու պատմական սխալներու սրբագրման ուղղուած համարձակ քայլերու եւ անցնելու հատուցման հոլովոյթին»:

