ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԿՐՆԱՅ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ ԹԵՐԵՔԻ ՀԵՏ
Ուրուկուէահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ փոխ տրուած ըլլալով Նասիոնալի (Ուրուկուէյ), վերջինիս հետ դաշտ կը ներկայանայ, շատ հաւանաբար մաս կազմէ Կրոզնիի Թերեքին, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկայի ախոյեանութեան: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Armsport.am` մէջբերելով lifespors.ru-ի հրապարակած լուրը:
Պօղոսեանի ստորագրութիւնը պաշտօնապէս կը պատկանի աւստրիական Ռետ Պուլի, որուն յառաջապահը` Կոնզալօ Սարաթէ, հաւանաբար միանայ վերոնշեալ ռուսական ակումբին: Կը կարծուի, որ Պօղոսեանի միացումը կախեալ ըլլայ Սարաթէի ճակատագիրէն:
Թերեքի մարզիչ Սթանիսլաւ Չերչեսով կ՛ըսէ, որ առայժմ ոչ մէկուն անունը կ՛ուզէ յայտարարել, այլ պարզապէս քիչ մը սպասել, որպէսզի ամէն ինչ յստականայ:
CATEGORIES Մարզական

