ՀԱՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆ ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ
PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ 26 յունուարէն 5 փետրուար հայ իրաւարարները Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի իրաւարարներու նախագահ Կարէն Նալբանտեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարեն Անթալիոյ մէջ:
Իրաւարարներուն մարզումները պիտի կատարէ ֆետերասիոնին տնօրէնը` Գէորգ Յովհաննիսեան, մինչ անոր կողքին պիտի ըլլայ պատասխանատու Արշակ Կնիազեան, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ առաջին խումբերու ախոյեանութեան նկատի առնուած իրաւարարները նախքան իրենց մեկնիլը հաւաքի մը մէջ են արդէն Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Անոնց փորձերուն կը հսկէ Տիգրան Սիմոնեան:
CATEGORIES Մարզական

