ՌԵԼԻՆԵՐՈՒ ՆԱԽԿԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆ ԺԱՆ-ՓԻԵՌ ՆԱՍՐԱԼԼԱ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ «ՓՐՈԹԵՔ-ՍԵՆԹԸՐ»Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ

Սանտրօ Արապեան (ձախին) եւ Ժան-Փիեռ Նասրալլա (PROFOTO)

Լիբանանցի վարորդ եւ ռելիներու նախկին ախոյեան Ժան-Փիեռ Նասրալլա յատուկ երեկոյով մը բացումը կատարեց «Փրոթեք Սենթըր»ի (ինքնաշարժներու վերաբերեալ) Լիբանանի մասնաճիւղին, անոր ցուցասրահին` Սին Էլ Ֆիլի մէջ (Ժըսըր Ուաթի):

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Փրոթեք Սենթըր»ի սեփականատէրը` Սանտրօ Արապեան, ռելիի վարորդներ եւ անոնց օգնականները, տարբեր վաճառանիշ կրող ինքնաշարժներու ընկերութիւններու ներկայացուցիչները, հրաւիրեալ եւ մարզական լրագրողներ:

Ներկաները Նասրալլային մաղթեցին յաջողութիւն, մանաւանդ նկատի առնելով այն հիմնական եւ կարեւոր կէտը, որ ան միշտ կը գործէ ի շահ Լիբանանի եւ իր ամէն կարելին կ՛ընէ անոր անունը բարձր պահելու համար միջազգային գետնի վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES