50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ

ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ`
ԴԱՏԱԽԱԶ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ

Քլիվլենտէն (Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ի.-

Մեր նոր սերունդի խոստմնալից ուժերէն փաստաբան Աբրահամ Մեսրոպեան յունուար 3-ին դատախազ նշանակուեցաւ: Աբրահամ Մեսրոպեան անցած է Հ. Ե. Դաշնակցութեան շարքերէն եւ զաւակն է Կարապետ եւ Նուարդ Մեսրոպեաններուն, Ծովեցի: Մեր շնորհաւորութիւնը թէ՛ Աբրահամին, եւ թէ՛ իր ծնողաց, ապա լաւագոյն մաղթանքներ` յաջողութիւններու համար:

ՀԱՅԱԶԳԻ ՏՈՔԹ. ԱՆՆԱ ԱՍԼԱՆ`
ԼՈՆՏՈՆ ԵՒ ՊՈՆՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Բժշկուհի Աննա Ասլան, Պուքրէշի համալսարանի ծերաբուժութեան հաստատութեան տնօրէնուհին եւ գիւտարարը «Փրոքային»-ի ներարկմամբ երիտասարդացման մեթոտին, Պոնն եւ Լոնտոն հրաւիրուած է` «ստիպողական խորհրդակցութեան մը համար»:

Հակառակ որ բժշկական մեծ կազմակերպութիւնները դատապարտած են իր մեթոտը, կը թուի, թէ Ատենաուըրի եւ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլի անձնական բժիշկները չեն բաժներ տոքթ. Աննա Ասլանի հանդէպ ստեղծուած յոռետեսութիւնը:

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է
Ա. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

Արժանթինի Ալթա Կրասիայի Արամ Խաչատուրեան ազգային վարժարանին համար գնուած շէնքին բացման արարողութիւնը կատարուած է մեծ շուքով: Ներկայ գտնուած են կաթ. պատուիրակ Բաբգէն եպս. Ապատեան, հոգեւորական հայրեր, Քորտոպայի հայ գաղութային միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Կնքահայր եղած է Խաչիկ Թոփալեան, որ այդ առթիւ դպրոցին նուիրած է 50,000 փեսօ: Սրբազան հայրը, յետոյ, օրհնած է դասարանը, գրադարանի յատկացուած սրահը եւ կնքահօր նուիրած է մագաղաթ մը: Դպրոցին տնօրէնուհին` Ալիս Եզեկիէլեան բացատրած է ձեռնարկին նպատակն ու նշանակութիւնը:

Յայտագրին աւարտէն ետք հանդիսականները անցած են շէնքին ետեւի բակը, ուր կը գտնուի Արամ Խաչատուրեանի տնկած ձիթենիի ծառը, ուր պատրաստուած էին ճոխ սեղաններ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Երեւանի թերթերը գոհունակութեամբ եւ արդար հպարտանքով կը հաստատեն հայ ոսկերիչներուն փայլուն յաջողութիւնները միջազգային տօնավաճառներուն մէջ: Հայկական զարդերը, ոսկիէ կամ արծաթէ, մեծապէս գնահատուեցան անցեալ տարի թէ՛ Մոնրէալի (Քանատա) եւ թէ՛ Մոսկուայի միջազգային տօնավաճառներուն մէջ:

Թերթերուն տեղեկութեանց համաձայն, հայ վարպետները պատրաստած են 120 տեսակ ոսկիէ մատանիներ, օղեր, ապարանջաններ, գինիի եւ քոնեաքի սպասներ, անձեռոցներու պատուանդաններ եւ այլն:

ԲԺԻՇԿ Ա. ԹՈԽԵԱՆ

Երեւանի թերթերէն կ՛իմանանք, թէ միջազգային ծանօթ վիրաբուժ մը դարձած է Հայաստանի բժիշկ մը` Արտաշէս Թոխեան: Հայ բժիշկը կը զբաղի կուրծքի վանդակի օրկաններ` սրտի եւ թոքերու վիրաբուժութեամբ, ինչպէս նաեւ` ձեւընկալ վիրահատութեամբ: Բազմաթիւ առիթներով մասնակցած է վիրաբուժներու Հայաստանի, Անդրկովկասի եւ Խորհրդային միութեան համագումարներուն, իսկ վերջին երեք տարիներուն մասնակցած է ձեւընկալ վիրահատութեան Լոնտոնի միջազգային համագումարին, սրտանօթային վիրահատութեան Պարսելոնի Եւրոպական համագումարին, ուր կարդացած է զեկուցումներ: Այցելած է Փարիզ եւ այլուր:

Վերջերս Լոնտոնի մէջ անգլերէնի թարգմանուած հրատարակուեցաւ բժիշկ Ա. Թոխեանի վերականգնիչ ձեւընկալ վիրահատութեան հարցերուն նուիրուած 1961-ի զեկուցումը: Ամերիկեան, անգլիական եւ իտալական բժշկական համալսարաններ եւ կեդրոններ հետաքրքրուած են հայ վիրաբուժին գործերովը:

ՆԱՂԱՇ ՅՈՎՆԱԹԱՆ

Բանաստեղծ, աշուղ եւ նկարիչ Նաղաշ Յովնաթանի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած գիտական համագումար մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, նախաձեռնութեամբ Մատենադարանին եւ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառին:

Կարդացուած են շատ հետաքրքրական եւ գիտական բովանդակութեամբ տեղեկաբերութիւններ, ինչպէս` «Նաղաշ Յովնաթանի կեանքն ու գրական ժառանգութիւնը», «Նաղաշ Յովնաթանը եւ Յովնաթանեաններու դպրոցը», «Հայ նոր գրականութեան նախանշանները ԺԶ. – ԺԷ. դարերու տաղերգութեան մէջ եւ Նաղաշ Յովնաթանը եւ աշուղական պոէզիան»:

Գիտական համագումարին առթիւ կազմակերպուած է նաեւ ցուցահանդէս մը` Մատենադարանի սրահներուն մէջ: Լուսանկարներով ներկայացուած են աշուղին ծննդավայրը եւ շրջակայքը, մեծ քնարերգուին գործերուն ձեռագիր եւ տպագիր տաղարանները, տաղերուն թարգմանութիւնները, անոր մասին եղած ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:

Share this Article
CATEGORIES