ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ԿԷՏԵՐ
Եթէ արուեստի այս գործը ծանօթ կը թուի ձեզի, հաւանաբար պատճառը այն է, որ անիկա մաս կը կազմէր վիճարկութեան մը, զոր Էնն կը կատարէր քանի մը օր առաջ այս կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածով մը: Ան կ՛ըսէր, թէ 15-րդ դարուն Ֆլորանսի մէջ արտադրուած գեղանկարները «բառին բուն իմաստով կը շշմեցնեն: Կը դիտենք զանոնք, եւ հազիւ կրնանք շնչել», եւ թէ` պատճառը չի կրնար ըլլալ այն, ինչ որ սովորաբար կը նշուի արուեստի պատմութեան գիրքերու մէջ, այսինքն` միջազգային տնտեսութեան մէջ Ֆլորանսի առաջատար դիրքին վերադարձը` մարդասիրութեան եւ բանապաշտութեան գաղափարներուն յայտնութեան զուգընթաց: Էնն բառերով եւ պատկերներով կը վիճէր, թէ այս գեղեցկութեան հզօրութիւնը հաւանաբար արդիւնք էր այն ահաւոր աղէտներուն, որոնք պատուհասած էին Ֆլորանսը, ինչպէս` 1333-ի ողողումները, 1346-ի դրամական քայքայումը, 1346-ի եւ 1347-ի երաշտը, եւ ի վերջոյ` 1348-ի Սեւ մահը:
Այստեղ վիճելի բան չկայ: Այլ խօսքով` նպատակս վիճիլ չէ Էննի հետ: Սակայն անոր վիճարկութեան մէջ ներկայացուած վերջին գործը` Սանտրօ Պոթիչելլիի 1489-ին իրագործուած «Յայտնութիւն»-ը զիս մղեց մտածելու ոչ միայն այն հարցին մասին, թէ ուրկէ՛ եկած էր 15-րդ դարու Ֆլորանսի արուեստը, այլ` թէ ո՛ւր պիտի առաջնորդէր անիկա: Աւելի ճիշդ` զիս մտածելու մղեց գեղանկարին մէջ պատկերուած պատուհանը:
Ֆլորանսի 1333-ի ողողումէն հարիւր տարի ետք, տեղացի ճարտարապետ Ֆիլիփփօ Պրունելեսքի կը յայտնագործէր գծային հեռանկարը (փըրսփեքթիւ), որ կու գար լատիներէն փերսփիսերէ բառէն, որ կը նշանակէր «նայիլ` ընդմէջէն»: Ասիկա նորարարութիւններու ժամանակաշրջանին ծնունդ առած այլ նորութիւն մըն էր, սակայն բազմաթիւ դիտանկիւններէ` նոյնինքն այս ժամանակաշրջանը բնորոշող նորարարութիւն մըն էր: Աշխարհը լեցուն էր նոր բաներով, զորս կարելի էր տեսնել, ինչպէս` վերայայտնաբերուած հնադարեան գրութիւններ, ովկիանոսները կտրող նաւագնացութիւններ` դէպի հեռաւոր ցամաքամասեր, հեռաւոր ցամաքամասեր, որոնք գլխիվայր կը շրջէին հնադարեան գրութիւններու ուսուցումները: Նոր ժամանակներու արուեստը ստեղծողները յայտնագործած էին դիտելու նոր ձեւ մը: Անոնք երկու տարաչափութեամբ մակերեսի մը վրայ կը կիրարկէին ճարտարապետութեան սկզբունքները եւ ի յայտ կը բերէին ձեւ մը` ներկայացնելու երեք տարաչափութեամբ աշխարհի մը մէջ տեսնուող բաները: Անոնց ձեռքերուն մէջ կ՛աներեւութանար ոսկեգոյն կամ սեւ վարագոյրներով երբեմնի սրբազան խորապատկերը, որոնց դիմաց հրեշտակներն ու Աստուածածինը, սուրբերն ու Փրկիչը կը կատարէին խորհրդանիշներով հագեցած իրենց թատերական պատկերները: Փոխարէնը` այն, ինչ որ կը բացայայտուէր եւ կը դառնար յաւիտենական, առօրեայ կեանքի մանրամասնութիւններն էին. պատեր, դռներ, պատուհաններ, եւ այն, ինչ որ կը տեսնէինք անոնց ընդմէջէն, ինչպէս` ծառեր, ջուր, երկինք:
Այսուհանդերձ, որքան ալ յանդուգն թուէր Ֆլորանսի փողոցներուն մէջ կատարուած գեղարուեստական փոփոխութիւնը, նոյնքան ցնցիչ էր այն խոր պատկերացումը, որ կ՛ընկերակցէր անոր, թէ` պէտք էր վար առնել վարագոյր մը: Երկիւղած ականատես մը Պրունելեսքիի եւ անոր հետեւորդներուն կիրարկած հնարքները նկարագրած է հետեւեալ բառերով. «Դիտողը այնպէս կը զգար, թէ կը տեսնէր իրական տեսարանը»:
Նախորդ ժամանակներու գեղանկարներուն բնորոշ միակտուր խորապատկերը ներկայութիւն մըն էր, որ ամբողջութեամբ կը բացայայտուէր միայն իր բացակայութենէն ետք: Եւ միայն այդ ժամանակ էր, որ կը դրսեւորէր իր գաղտնիքները, թէ` ինչպէ՛ս կը կատարէր աներեր եւ աննկատ հաստատում մը, թէ ինչպէ՛ս իր ոսկեգոյն կամ սեւ մակերեսով կը կրէր որոշ զգացողութիւն մը, թէ` ինչպէ՛ս այս զգացողութիւնը կ՛արտացոլէր միայն մէկ հայեցակէտ. սուրբերը կը պատկերուէին որոշ չափով, Աստուածամայրը` իրեն յատուկ չափով եւ Յիսուսը` այլ չափով մը: Այս բոլորը կը դասաւորուէին այնպիսի կարգով, որ միայն Աստուծոյ ուղեղէն կրնար ծնիլ: Սակայն այժմ վերացած էր այս: Զայն փոխարինած էր այնպիսի հայեցակէտ մը, որ կրնար ծնունդ առնել միայն մարդկային աչքէն եւ` այնպիսի աչքէ մը, որ աշխարհը կը դիտէր այնպէս` կարծէք առաջին անգամ կը տեսնէր զայն:
Կամ` Կալիլէոյին պէս, որ երկու դար ետք, 1609-ին ձեռքին բռնած գործիք մը, զոր մկրտած էր փերսփիչիլիում անունով, այսինքն` դիտողական խողովակ, եւ ինչ որ պիտի կոչէինք հեռադիտակ. այլ խօսքով` աչք մը, որ տիեզերքը կը դիտէր այնպէս` կարծէք առաջին անգամ կը տեսնէր զայն:
Մէջբերելով Էննը` «այստեղ պիտի կատարեմ վիճարկութիւն մը, սակայն ոչ թէ բառերով, այլ` ժամանակագրական եւ տեսողական միջոցներով», պիտի շարունակեմ այն կէտէն, ուր կը սկսի Էնն` Սիմոնէ Մարթինիի «Յայտնութիւնը» գեղանկարով, որ իրագործուած է ջրհեղեղի տարին, 1333-ին եւ պիտի աւարտեմ` վերարտադրելով պատկեր մը, առնուած` հեռադիտակէ մը, որ կը կրէ անունը գիտնականի մը, որուն մէկ վիճարկութիւնը պիտի կատարէի ե՛ս այսօր, եթէ պիտի նախընտրէի դիմել բառերու. «Աստղագիտութեան պատմութիւնը պատմութիւնն է աստիճանաբար հեռացող հորիզոններու»:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ




