ՔԱԶԶԱՖԻՆ ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԳԱՂՏՆԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Գնդապետ Քազզաֆին տապալելու գործողութեան օգնելու բրիտանական ջանքերը չէին սահմնափակուած միայն օդային յարձակումներով: Գետնի վրայ (եւ լուռ, հանգիստ), յատուկ ուժերու զինուորները կը միանային ըմբոստ մարտնչողներուն: Ասիկա նախապէս չներկայացուած հաշուեցոյցն է անոնց կատարած վճռորոշ դերակատարութեան:
Մուամմար Քազզաֆիի վարչակարգը տապալելու բրիտանական արշաւը իր հանրային դէմքը ունէր (օդանաւեր ռումբեր կը նետէին, բրիտանական ծովուժը` Թագաւորական նաւատորմը կը յայտնուէր լիպիական ջուրերուն մէջ), բայց ատիկա նաեւ ունէր գաղտնի կողմ մը:
Քողարկուած ջանքերուն մէջ իմ հետազօտութիւններս բացայայտեցին պատմութիւնը գործնական մտածող մարդոց, որոնք կը փորձէին գործել, մինչ ամբողջ ընթացքին կը դիմակալէին Լոնտոնի կողմէ պարտադրուած քաղաքական եւ իրաւական խոչընդոտներ:
Ի վերջոյ, սակայն, բրիտանական յատուկ ուժերը գետնի վրայ տեղակայուեցան` օգնելու համար Միացեալ Թագաւորութեան դաշնակիցներուն (լիպիացի յեղափոխականներուն, յաճախ կոչուած` Ազգային անցումային խորհուրդ, ԱԱԽ):
Անոնք, որոնք ծրագիրին տեղեակ են կը պնդեն, որ «յատուկ ուժերը հսկայ աշխատանք տարած են», եւ նպաստած` Քազզաֆիի վարչակարգին վերջնական տապալման:
Միջամտութեան Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ գետնի վրայ տեղի ունեցած կարեւոր, բանալի միջադէպերու լոյսին տակ: Փաստարկները, վէճերը, թէ Բրիտանիա որքա՛ն հեռու պիտի երթայ, ծեծուեցաւ, քննարկուեցաւ վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին: Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի նախագահութեամբ խորհուրդին հիմնական անդամներն էին:
- Սպայակոյտի պետ Սըր Տէյվիտ Ռիչըրտ:
- Պաշտպանութեան նախարար Լիամ Ֆոքս
- Արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ
Վարչապետ Քամերոնի անձնակազմի պետը` Էտ Լեւլին, անցեալ փետրուարին սկսած լիպիական յեղափոխութեան առաջին օրերէն իսկ գործողութեան կոչ ընող հիմնական ձայնն էր, կ՛ըսեն վարչապետարանի ներքին աղբիւրներ:
ԳԱՂՏՆԻ ՄԻԱՒՈՐ` ՅԱՏՈՒԿ ՈՒԺԵՐՈՒ ՄԷՋ
Յատուկ ուժերու մէջ «Ե» օդանաւային զօրամիաւորումին (Իսկուատրոն) առկայութիւնը, գոյութիւնը յայտնի է, սակայն ցարդ հրապարակային քննարկումի նիւթ չէ դարձած: Ատիկա հինգ տարի առաջ կազմուած` սերտօրէն գործակցելու, աշխատելու համար գաղտնի սպասարակութեան հետ (Էմ. Այ. 6), եւ հիմնականին մէջ կը մասնակցի այնպիսի առաքելութիւններու, ուր առաւելագոյն գաղտնապահութիւն անհրաժեշտ է, կ՛ըսեն նոյն աղբիւրները:
Ատոր դերը` իբրեւ փոքր, մասնաւոր ուժի, որ կը գործէ Էմ. Այ.6-ի հետ, զայն կը դարձնէ նորօրեայ իրաւայաջորդը այն ստուերային բջիջին, որուն` երբեմն կ՛ակնարկուէր` իբրեւ «Աճում»:
Մինչ այսպիսի խումբերու գոյութիւնը նուէր մըն է արկածախնդրական վէպերու, շարժապատկերներու հեղինակներուն, որոնք իրենց նիւթին համար կարծրացած, կոփուած ՍԱՍ (Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան «քոմանտօ»-ները մարդոց ժողովրդական, հարուածող խումբ կը փնտռեն:
Ե զօրամիաւորումի գործողութիւններու իրականութիւնը քիչ մը աւելի անշուք է, առօրեայ:
Անցեալ մարտի ջախջախիչ պարտութիւնը, որուն մէջ զօրամիաւորումի վեց անդամներ ձերբակալուեցան Լիպիոյ մէջ, մեծապէս տագնապեցնող, ճնշող էր: Անոնց ներկայութեան պատճառը, ընկերանալով Էմ. Այ. 6-էն երկու անձի, բանալի մը կու տայ այն նպաստող դերակատարութեան, որ անոնք կ՛ունենան արտաքին հետազօտութեանց գործողութիւններուն մէջ, վտանգաւոր վայրերու մէջ:
11 սեպտեմբեր 2001-էն ետք, Աֆղանիստանի, ապա Իրաքի մէջ ռազմական հսկայ յանձնառութիւններով, Էմ. Այ. 6 թափ տուաւ իր հետախուզական տուեալներու հաւաքման, այն վայրերուն մէջ, որոնք մինչ այդ հասողութենէ, վերահսկողութենէ դուրս եղած էին, կամ շատ վտանգաւոր նկատուած էին:
Ատոր յաճախ կը սատարէին Միացեալ Թագաւորութեան յատուկ ուժերը, սակայն Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ յատուկ գործողութիւններու աջակցելու համար անոնց պարտադրուած մրցակցային պահանջները ի վերջոյ առաջնորդեցին Ե զօրամիաւորումի ստեղծման:
Ըստ յատուկ ուժերու մարդոց, Ե զօրամիաւորումը բաղադրեալ, խառնուրդ կազմակերպութիւն մըն է` ՍԱՍ, Էս. Պի. Էս. եւ Յատուկ հետախուզական գունդի ընտրանիէն ընտրուած: Ատիկա թեքնիք կերպով ՍԱՍ-ի կամ Էս. Պի. Էս.ի մէկ մասը չէ, բայց տրամադրութեան տակն է Յատուկ ուժերու եւ Էմ. Այ. 6-ի տնօրէնութեան:
Ե զօրամիաւորումը յաճախ կը գործէ պարզ, սովորական հագուստներով եւ պետական լայնածիր աջակցութեամբ, ինչպէս` կեղծ ինքնութիւններու հայթայթում, նիւթական միջոցներ, արդի արհեստագիտութիւն, եւ այլն:
Վարչապետարանի աղբիւրները կը նշեն, որ Ե զօրամիաւորումը պատրաստուած էր 2009 թուականին Սահարայի մէջ ազատագրելու պատանդ բռնուած բրիտանացի մը, սակայն չկրցաւ քաղաքական արտօնութիւն ստանալ այդ գործողութեան համար, մինչեւ որ պատանդ բռնողները սպաննեցին բրիտանացին:
Լիպիոյ մէջ բրիտանական յատուկ ուժերու առաջին նշանակալի միջամտութիւնը փրկարար առաքելութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Քազզաֆիի դէմ շղթայազերծուած ապստամբութեան մեկնարկէն միայն երկու շաբաթ ետք: 3 մարտին բրիտանական օդուժին Սի. 130 տիպի օդանաւեր ուղարկուեցան անապատ` երկրի հարաւային Զիլլա շրջանէն ազատագրելու համար հայրենիքէն հեռացած, պանդուխտ ոչ լիպիացի, նաւթագործները: Անոնցմէ շատեր սպառնալիքներ ստացած էին զինեալներէ եւ աւազակներէ:
150 արտերկրացիներու, որոնց շարքին` 20 բրիտանացիներ, ազատագրումն ու Վալեթթայի (Մալթա), մէջ գտնուող օդակայան տեղափոխումը հեզասահ ընթացաւ, հակառակ անոր որ օդանաւերէն մէկը, հազիւ թռիչք առած, ցամաքային կրակոցներու թիրախ դարձաւ:
Թռիչքներուն կ՛ընկերանային ծովուժի յատուկ սպասարկութեան` Էս. Պի. Էս.ի, Սի զօրամիաւորումէն 24 հոգի, որոնք օգնեցին ապահովելու համար էջուղիի, վայրէջքի գօտին: Ատիկա կարճաժամկէտի եւ անջատ միջատմութիւն մըն էր, որ աշխատաւորները փրկեց գերեվարումէ կամ սպանութենէ եւ վարչապետարանին մէջ քիչ բանավէճի, քննարկումի դուռ բացաւ:
Դէպքերը, սակայն, ատկէ ետք սկսան ընթանալ քաոսային եւ վայրագ ուղղութեամբ, լիպիական զինեալ ուժերու փլուզումով եւ Պենկազին սկսաւ դառնալ ընդդիմութեան կեդրոնը: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը փորձեց բացայայտօրէն եւ գաղտնի հաղորդակցիլ Ազգային անցումային խորհուրդին հետ:
Այս յարաբերութեան քողարկուած երեւոյթն էր, որ յեղափոխութեան օգնելու Բրիտանիոյ աւելի ընդարձակ ճիգը գրեթէ աղէտ եղաւ: Գաղտնի սպասարկութիւնը, կամ` Էմ. Այ. 6, փորձեց ընդդիմութեան մէջ իր կարգ մը կապերուն հետ սկսիլ հաղորդակցութիւնները: Որոշուեցաւ սպասարակութենէ երկու մարդ ուղարկել Պենկազիի մօտ գտնուող աւան մը` տեսակցելու համար այս լիպիացիներուն հետ:
Ըստ պատահածին քաջատեղեակ անձերու, այս հանդիպումին իբրեւ խարիսխ Էմ. Այ. 6 որոշած էր խուսափիլ այդ ատեն Պենկազի գտնուող Արքայական նաւատորմի (բրիտանական ծովուժ) յածանաւէն, կամ` ազգային ուժի որեւէ խորհրդանիշէ: Փոխարէնը` անոնք ընտրեցին Չինուք տիպի ուղղաթիռով գիշերով Մալթայէն Լիպիա մեկնիլ, որպէսզի հանդիպին տեղական «Դասաւորողներ»-ու, որոնք իրենց պիտի օգնէին մեկնելու տեսակցութեան:
Այս գործողութիւնը ծրագրած ատեն գաղտնի սպասարկութիւնը որոշեց օգտագործել գերզգայուն թեւը յատուկ ուժերու` Ե զօրամիաւորում որպէսզի հոգ տանի իր մարդոց: Ե զօրամիաւորում 6 անդամներ, որոնք զինուորագրուած էին Թայըր 1-ի բոլոր երեք միաւորներէն (ՍԱՍ, Էս. Պի. Էս. եւ հետախուզական յատուկ գունդ) անփութօրէն Չինուք մտան «հոգալու» համար հետախուզութեան մարդիկը:
Անոնք զինուած էին տեսակաւոր զէնքերով եւ հաղորդակցութեանց ապահով սարքով: Ե. զօրամիաւորում զգայուն դերակատարութեան համապատասխանելու, ներդաշնակուելու համար, անոնք պարզ հագուստներով կամ անկարգելաւորներու սեւ զգեստներով էին (տուեալները կը տարբերին), եւ կը կրէին տարբեր անցագրեր:
Ականատեսներ կ՛ըսեն, թէ 6 մարդիկը կը կրէին զէնքեր, զինամթերք, քարտէսներ եւ 4 տարբեր երկիրներէ անցագրեր
Ծրագիրը գրեթէ անմիջապէս պարզուեցաւ: Անոնց ուղղաթիռին էջքը տեղական հետաքրքրութիւն յառաջացուց:
Լիպիոյ յեղափոխութիւնը, ինչպէս շատ ուրիշներ, կ՛ուղեկցուէր օտար վարձկաններու եւ լրտեսներու հանդէպ խելագարութեամբ, եւ բրիտանական խումբը աւելի կասկածելի չէր կրնար յայտնուիլ, թուիլ: Վեց մարդիկը ձերբակալուեցան եւ Պենկազի տարուեցան, իսկ գետնի վրայ գտնուողները որոշեցին չկրակել, որպէսզի կամուրջ կառուցելու առաքելութիւնը, որուն մէջ ներառուած են, չքանդուի:
Պենկազիի մէջ այս ջախջախիչ պարտութիւնը նոյնիսկ աւելի կնճռոտեցաւ, նեղացուցիչ եղաւ, երբ Քազզաֆիի կառավարութիւնը հրապարակեց հեռաձայնային զրոյցի մը գաղտնի ձայնագրութիւնը, որուն մէջ բրիտանացի դիւանագէտ մը վեց մարդոց ազատ արձակումը կը խնդրէր Ազգային անցումային խորհուրդէն:
Ե. զօրամիաւորում պատահածին իբրեւ հետեւանք, անոնք, որոնք պիտի պաշտպանէին վարչակարգի տապալումի գործողութիւններուն օգնելու նպատակով յատուկ ուժերը օգտագործելու գաղափարը, ամիսներով մեկուսացան, լուսանցքայնացան:
Ատիկա նաեւ մեծ դժուարութիւններ պատճառեց Էմ. Այ. 6-ին, որ ծրագիրներ ունէր Քազզաֆիի ներքին շրջանակին մէջ առանցքային որոշ գործիչներու «Դարձի բերելու»:
Երբ 19 մարտին Քազզաֆիի հրասայլերը Պենկազի մտնելու ատեն ռմբակոծուեցան, հակամարտութիւնը կտրականապէս թեւակոխեց տարբեր փուլ մը: Ակնբախ եւ բացայայտ ռազմական գործողութիւնները ընթացքի մէջ էին, եւ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ղեկավարները առաւել պարտաւորուած էին յանձնառու ըլլալու Լիպիոյ առաջնորդին վարչակարգին տապալման:

Լիպիոյ պետական պատկերասփիւռը սփռեց դեսպան Նորթըրնի եւ Ապտըլ Ժալիլի խօսակցութիւնը, ուր Նորթըրն կը խնդրէր բրիտանացի զինուորներու ազատ արձակումը
Բայց միջոցները, որոնք կրնային օգտագործուիլ խիստ սահմանափակ պիտի ըլլային, Իրաքի տխուր փորձառութեան եւ օդային յարձակումները լիազօրած ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն պայմաններուն պատճառով:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1973 բանաձեւին համաձայն երկիրներ լիազօրուած են ուժ կիրարկելու յարձակումի սպառնալիքէն պաշտպանելու համար քաղաքայիններ եւ քաղաքայիններով բնակուած շրջաններ»:
Բովանդակութիւնը կը նշէ, որ այս նպատակը նուաճելու համար օգտագործուած միջոցները կը բացառեն Լիպիոյ տարածքի որեւէ մասին վրայ արտաքին, օտարերկրեայ ուժի կողմէ գրաւման որեւէ ձեւ»:
Բանաձեւը մեծ մասամբ սահմանեց բրիտանական կառավարութեան մտածողութիւնը, երբ լիազօրեց ուժի գործածութիւնը, սակայն սահմանափակեց զայն, երբ ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրաւ զօրավար Քազզաֆիի բանակին դէմ մարտնչող ուժերուն օգնելու որեւէ ձեւի, եւ կարծես բացառեց «Կօշիկներ գետնի վրայ», դնելու ընտրանքը:
Սակայ Բրիտանիոյ վարչապետարանին մէջ քննարկումներու հիմնական, բանալի դէմքեր համոզուած էին, որ միայն օդային յարձակումներ սպասուած արդիւնքը պիտի չտան: Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստերուն ատեն զօրավար Ռիչըրտ եւ Ֆոքս արծարծեցին Ազգային անցումային խորհուրդի յեղափոխական ուժերը վերապատրաստելու եւ անոնց սարքեր տրամադրելու ծրագիրի մը մշակումի հարցը:
Մեզի պատմեցին, որ մարտի վերջաւորութեան տեղի ունեցած ժողովի մը ատեն Լիպիոյ Ազգային անցումային խորհուրդի սաղմնային վիճակի մէջ գտնուող ցամաքային ուժերը բարելաւելու որոշ քայլեր առնելու համար լիազօրութիւն տրուած է: Ասիկա կը ներառէ խորհրդատուական փոքր խումբի մը անմիջապէս Լիպիա առաքումը եւ երկարաժամկէտ զարգացումը «մարզումի եւ սարքաւորումի, զինումի» նախագիծը: Այն նախարարներուն, որոնք ծանօթ էին քննարկումին, ըսուեցաւ, որ ծրագիրին այս երկրորդ մասը առնուազն երեք ամիսէն կրնայ գործադրուիլ:
Երբ ապրիլի սկիզբը վեց բրիտանացի սպաներ ժամանեցին Պենկազիի ծովեզերեայ պանդոկ մը, անոնք անզէն էին, իսկ անոնց դերակատարութիւնը խստօրէն սահմանափակ էր: Անոնց ըսուած էր, որ օգնեն Ազգային անցումային խորհուրդին, որպէսզի ստեղծէ նոր ծնող պաշտպանութեան նախարարութիւն մը` տեղակայուած քաղաքի արուարձաններուն մէջ գտնուող բռնագրաւուած գործարանի մը մէջ:
Խորհրդատուական խումբին առաջին եւ ամէնէն հիմնական խնդիրն էր` պատահական զինեալ բեռնատարներով շրջող եւ պոռպռացող տարբեր մարտնչողները մէկտեղել տեսակ մը համակարգումի մէջ: Ինչպէս որ լրագրողները յայտնաբերեցին, այս մարդոց մեծամասնութիւնը փոքր պատկերացում ունէր, թէ ինչ կ՛ընէր, եւ շուտով խուճապի մատնուեցաւ, երբ իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ զօրավար Քազզաֆիի ուժերը կը յարձակին կամ կը պաշարեն զիրենք:
Կային իրաւական քանի մը հարցեր, որոնք անոնց կ՛արգիլէին յաւելեալ օգնութիւն տալու: Վարչապետարանի որոշ փաստաբաններ պնդեցին, թէ գետնի վրայ որեւէ տեսակի ներկայութիւն խնդրայարոյց է: Իրաւական կասկածներ բարձրացան Ազգային անցումային խորհուրդը զինելու կամ զօրավար Քազզաֆին թիրախ դարձնելու վերաբերեալ:
Երբ օդային գործողութիւնը դրուեցաւ ՕԹԱՆ-ի ճիշդ, պատշաճ յենակէտին վրայ, այս խնդիրները նոյնիսկ աւելի վիճելի դարձան, կ՛ըսեն նոյն աղբիւրները: ՕԹԱՆ կը պնդէր, որ պիտի չընդունի գետնի վրայ ներկայութիւնը մարդոց, որոնք «կառավարեն օդային յարձակումները»: Իսկ այս մասին գրելով` թերթերը, նոյնիսկ գարնան վերջաւորութեան, կ՛ըսէին, թէ ատիկա արդէն կը կատարուի:
Վարչապետարանի տարբեր բաժանմունքներու արձանագրած օրինական դիւրազգացութիւններուն յարմարելով` Քազզաֆին տապալելու Բրիտանիոյ կառավարութեան ցանկութիւնը յուսախաբ ըրաւ անոնք, որոնք կոչուած էին այս քաղաքականութիւնը իրականացնելու:

Միսրաթայի մէջ ապստամբները գերարդիական սարքերուն կը ճշդէին հեռաւորութիւնը եւ ցուցմունք կու տային հրետանիի եւ ՕԹԱՆ-ի հարուածներուն
«Ուղղակի ինծի թուեցաւ, թէ անոնց որդեգրած ձեւը անհարկի շփոթեցնող միջոց մըն է` նախաձեռնելու գործ մը, որուն հիմքին մէջ գտնուող նպատակները բոլորս ալ գիտէինք», ըսաւ մէկը եւ աւելցուց. «Կարծես թէ մենք գրեթէ կորսնցուցած էինք յստակ նպատակ մը բնութագրելու եւ ատիկա հետապնդելու կարողութիւնը»:
Սակայն ապրիլի սկիզբը ՕԹԱՆ-ի օդուժին կողմէ Ազգային անցումային խորհուրդի շարասիւնները սխալմամբ ռմբակոծելու դէպքը հզօր փաստարկներ տրամադրեց անոնց, որոնք յաւելեալ ուղղակի աջակցութիւն կ՛ուզէին: Գետնի վրայ եղող բրիտանացի եւ ֆրանսացի սպաներուն արտօնուեցաւ աւելի սերտ համակարգում իրականացնել Ազգային անցումային խորհուրդին հետ` նպատակ ունենալով «հանգուցալուծում», կամ` այդպիսի պատահական բախումներու կանխարգիլում:
Հանգուցալուծում խորագիրին տակ բրիտանացի խորհրդատուները մտան այնպիսի վայրեր, ինչպէս Միսրաթա, այդ օրերուն` պաշարուած, ուր բրիտանական օդուժը կը կեդրոնացնէր իր օդային յարձակումները: Գետինը ստեղծուած էր ամիսներու ռմբակոծումին, որ երբ յառաջացաւ, սպառեց ե՛ւ ՕԹԱՆ-ի շարք մը դաշնակիցներու տրամադրելի ճշգրիտ զէնքերու մթերքը, ե՛ւ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու համբերութիւնը, թէ ինչ կը կատարուէր: Վարչապետարանին մէջ աղբիւրներ զգուշաւոր կ՛ըսեն, որ իրենք շուտով հանգուցալուծումէն աւելին կ՛ընէին` ըստ էութեան համակարգելով ՕԹԱՆ-ի օդային որոշ յարձակումները:
Զօրավար Ռիչըրտ իբրեւ ուղեցոյց ունենալով վերապատրաստման իր ծրագրի մարտեան սկզբունքային հաստատումը` սկսած էր շարք մը չյայտարարուած այցելութիւններ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա:
Ծոցի Էմիրութիւնը յառաջատար դերակատարութիւն ունեցած էր աջակցելու Ազգային անցումային խորհուրդին, եւ իր պաշտպանութեան ղեկավարին միջնորդութեամբ յունիսին արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած էր Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հետ նիւթական, ինչպէս նաեւ վերապատրաստման աջակցութիւն տրամադրելու Ազգային անցումային խորհուրդին:
Ասոր մէջ Ֆրանսա Բրիտանիայէն աւելի յառաջ անցաւ, եւ օգոստոսին արդէն զէնքեր կը տրամադրէր ԱԱԽ-ի միաւորներուն` արեւմտեան Լիպիոյ Նեֆուսա լեռներուն վրայ: Բրիտանիա մինչ այդ համաձայնած էր իր ջանքերը կեդրոնացնելու երկրի արեւելեան շրջանին մէջ: Այս նոր ջանքին ծիրին մէջն է, որ բրիտանական յատուկ ուժերը վերադարձան Լիպիա:
Հակառակ անոր որ վարչապետարանին մէջ բազմաթիւ մարդիկ տակաւին կը յիշէին մարտի ջախջախիչ պարտութիւնը, համաձայնութիւն գոյացաւ արտօնելու սահմանափակ թիւով բրիտանացի խորհրդատուներու` ուղղակի մասնակցելու Լիպիոյ մէջ ԱԱԽ-ի միաւորներու վերապատրաստման եւ մարզումին: Աղբիւներ կ՛ըսեն, որ 22 ՍԱՍ գունդի Տի ջոկատէն ուղարկուած մարդոց թիւը 24 էր: Օգոստոսի վերջաւորութեան անոնց առաքելութիւնը արդէն սկսած էր:
Մինչ Ֆրանսա եւ Քաթար պատրաստ էին ուղղակի տրամադրելու զէնքեր, Բրիտանիա պատրաստ չէր: Սակայն ասիկա գործնապէս քիչ տարբերութիւն ըրաւ, քանի որ ՍԱՍ սերտօրէն կը գործէր Քաթարի յատուկ ուժերուն հետ, որոնք, ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց, յանձնած էին սարքեր, ինչպէս` հակահրասայլային «Միլան» հրթիռներ:
Վարչապետարանէն կային քանի մը առաջարկներ, որ վերապատրաստութիւնը, զօրավարժութիւնը պէտք է Լիպիայէն դուրս կատարուի, որպէսզի մնայ ՄԱԿ-ի բանաձեւին նեղ մեկնաբանութեան ծիրին մէջ, սակայն ՍԱՍ, ըստ երեւոյթին, շուտով ներկայ էր հարաւային Լիպիոյ մէկ խարիսխին մէջ:
Բրիտանիոյ յատուկ ուժերու վերծանում
- Բրիտանական բանակի օդուժի յատուկ ծառայութիւն ՍԱՍ, կազմուած 1941-ին, անկարգելաւոր ուժեր իջեցնելու համար թշնամիի թիկունքը: Ատոր 400 անդամներուն հիմնական դերը գետնի վրայ հետախուզական տուեալներ հաւաքել, է, բայց նաեւ ունեցած է վտանգաւոր յանձնառութեանց պատմութիւն (ամէնէն նշանաւորը` Լոնտոնի մէջ իրանեան դեսպանատուն ներխուժումը, 1980-ին):
- Նաւային յատուկ սպասարկութիւն, Էս. Պի. Էս., կազմուած` 1940-ին, Արքայական նաւատորմին մէջ ՍԱՍ-ի համարժէքն է, եւ երկու սպասարկութիւնները սերտ կապեր ունին: Էս. Պի. Էս. մասնագիտացած է ծովային եւ գետային ցանցերու գործողութիւններուն մէջ, բայց երբեմն ցամաքի վրայ ալ կը գործէ:
- Հետախուզական յատուկ գունդ, Էս. Ար. Ար., կազմուած` 2005-ին: Անոր գործառոյթներուն եւ անձնակազմին մասին քիչ մանրամասնութիւններ հրապարակուած են, սակայն անոր հիմնական նպատակն է վերահսկողութեան գաղտնի գործողութիւններ իրականացնել, ՍԱՍ-ը եւ Էս. Պի. Էս.ը այդ պարտականութենէն զերծ կացուցանելով զանոնք մարտական գործողութիւններու տրամադրելու դարձնելու համար:
Այն ամիսներուն, երբ այս ծրագիրը պիտի իրականացուէր, օդային յարձակումներով Քազզաֆիի ուժերու դանդաղ մաշեցումի, տկարացումի գործողութիւնը կը շարունակուէր: Օտար մարզիչներու ժամանումէն քիչ ետք ԱԱԽ-ի միաւորները Թրիփոլի մտան:
Լիպիոյ յեղափոխութեան մօտիկ որոշ մարդիկ կ՛ըսեն, թէ Քաթարի պաշտպանութեան անձնակազմի ղեկավարը կը յաւակնի, որ մշակած է տարբեր ուղղութիւններով նոյն ատեն դէպի Լիպիոյ մայրաքաղաքը ընթանալու ռազմավարութիւնը: Անշուշտ գետնի վրայ օտարերկրեայ յատուկ ուժերը դերակատարութիւն ունեցան տարբեր շարասիւնները համակարգելու մէջ:
Մինչ այդ ՍԱՍ շեղած, մոլորած էր իր վերապատրաստման գործէն, առանձին մարդիկ, կամ` զոյգեր, կ՛ընկերանային ԱԱԽ-ի հրամանատարներուն, զորս իրենք մարզած էին: Անոնք իբրեւ լիպիացիներ կը զգեստաւորուէին եւ կը խառնուէին իրենց մարզած, վերապատրաստած միաւորներուն, կ՛ըսէ գործողութեան ծանօթ անձ մը:
Մտահոգութիւններ կային, որ այդ մարդիկը կրնային նշմարուիլ լրագրողներու կողմէ, բայց այդպիսի բան չպատահեցաւ: «Մենք շատ աւելի լաւ եղանք խառնուելով: Մեր մարդիկը կարողացան ԱԱԽ-ի հրամանատարներուն մօտ մնալ առանց իրենց ինքնութիւնը բացայայտելու», կ՛ըսէ Տի զօրամիաւորում գործողութեան ծանօթ անձ մը:
Այն պահուն, երբ յեղափոխականները
ներխուժեցին Քազզաֆիի ծննդավայր Սերթ քաղաքը, յեղափոխականներուն կ՛օգնէին բրիտանական եւ օտար յատուկ քանի մը ուժեր: Յորդանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանակի անդամները եւս ետ մնացած էին քաթարցիներէն:
Երբ 20 հոկտեմբերին Քազզաֆի ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ եւ սպաննուեցաւ ԱԱԽ-ի մարդոց կողմէ, ատոր յաջորդեց ՕԹԱՆ-ի օդային յարձակումը ինքնաշարժներու շարասիւնի մը վրայ, որ կը փոխադրէր նախկին վարչակարգի անդամներ, որոնք առաւօտեան կանուխ կը փորձէին փախչիլ Սերթ քաղաքէն: Բրիտանացի զինուորները ասոր մասնակի՞ց էին: Ցարդ ոչ ոք պիտի ըսէ:
Պահպանելով իր երկարատեւ քաղաքականութիւնները յատուկ ուժերուն եւ Էմ. Այ. 6-ի գործողութիւններուն վերաբերեալ` վարչապետարանը հրապարակային յայտարարութիւն չըրաւ գետնի վրայ օգնութեան բնոյթին մասին: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկնեց, երկրորդեց այդ քաղաքականութիւնը, երբ իրմէ խնդրուեցաւ, որ այս պատմութեան մասին մեկնաբանութիւն ընէ:
Սակայն զօրավար Ռիչըրտ անցեալ տարի տեղի ունեցած հրապարակային ձեռնարկի մը ընթացքին խօսք առնելով` ըսաւ, որ ԱԱԽ-ի ուժերը «գետնի տարրերն էին, բանակ մը տակաւին կենսական էր»: Զօրավարը նաեւ նշեց, որ «քաթարցիներու, էմիրեթցիներու եւ յորդանանցիներու համարկումը հիմնական էր»: Ան, սակայն, ակնարկութիւն չըրաւ աւելի քան 20 բրիտանացիներու գետնի վրայ ներկայութեան:
Անցեալ հոկտեմբերին Քաթարի պաշտպանութեան անձնակազմի ղեկավարը բացայայտեց, որ իր ուժերէն «հարիւրաւոր զինուորներ» գետնի վրայ եղած են Լիպիոյ մէջ:
Բրիտանական աղբիւրներ համաձայն են, որ Քաթար առաջատար դերակատարութիւն ունեցած է (եւ ընդունեց, որ Բրիտանիայէն աւելի զինուոր ուղարկած է), բայց հարցականի ենթարկեց թիւին այսքան մեծ ըլլալը: Վարչապետարանի աւելի գաղտնի բաժիններէն կը նշեն, որ բոլոր երկիրներէն գետնի վրայ կատարուած յանձնառութեան թիւը հաւանաբար չի գերազանցեր երկու հարիւր զինուորը:
Ինչ կը վերաբերի ՍԱՍ զօրամիաւորումը տեղակայելու Բրիտանիոյ որոշումին, «անոնք մեծ տարբերութիւն ըրին», կը պնդէ աղբիւր մը:
Ասիկա մաս կը կազմէ յաճախ գաղտնի գործող այսպիսի խումբերու էութեան. անոնք գաղտնի գործելով` քաղաքական վարպետներուն կ՛ապահովեն քաղաքականութեան այնպիսի ընտրանքներ, որ այդ վարպետները չեն ուզեր հրապարակաւ յայտարարել եւ որդեգրել:
Բայց նկատի առնելով, որ Միացեալ Թագաւորութեան նախկին յարաբերութիւնները զօրավար Քազզաֆիի եւ անոր գաղտնի սպասարկութիւններուն հետ մեծ շփոթութիւն յառաջացուցած էին, կրնայ ըլլալ, որ այդ ուշադրութիւնը օր մը աւելի կեդրոնանայ ԱԱԽ-ի բրիտանական աջակցութեան վրայ, մասնաւորաբար եթէ լիպիական յեղափոխութիւնը ձախողի:
ՄԱՐԻ ԻՒՐՊԸՆ
«Պի. Պի. Սի.»




