ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻՆ 10 ԱՌԱՋԱՐԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է

Հայկ Դեմոյեան

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է թղթածրար մը իւրայատուկ ծրագիրներու եւ առաջարկներու, զորս պէտք է իրականացնէ թրքական կողմը, նախքան Հայոց ցեղասպանութեան հարցի եւ թրքական պատմութեան անցանկալի էջերու քննարկման անցնիլը:

Հետեւեալ առաջարկները Հայկ Դեմոյեան ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Museum G-Brief ելեկտրոնային պարբերականին մէջ:

1. Մտաւորական քննարկումներու ընթացքին անհրաժեշտ է վերանայիլ քեմալական ժառանգութեան` հրաժարելով պատմական իրադարձութիւններու քննարկման եւ յիշողութեան վրայ դրուած գրաքննութենէն:

2. Անհրաժեշտ է վերացնել թուրք ժողովուրդին վիրաւորանք հասցնելու վերաբերեալ Քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածը եւ կարելիութիւն տալ թուրք գիտնականներուն, լրագրողներուն ազատօրէն արտայայտելու իրենց կարծիքը` առանց վախնալու, որ կրնան մեղադրուիլ իրենց տեսակէտներուն եւ եզրակացութիւններուն համար:

3. Թոյլ տալ թուրք եւ օտար հետազօտողներուն ազատօրէն կատարելու իրենց սեփական հետազօտութիւնները: Ամբողջութեամբ բանալ թրքական արխիւները, ներառեալ` Ընդհանուր հրամանատարութեան արխիւը. գաղտնազերծել այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին 1919-1922-ին թրքական զինուորական դատարանի լսումներուն, որոնց իբրեւ արդիւնք Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման համար պատասխանատու հիմնական յանցագործները մահուան դատապարտուեցան:

4. Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան ձեռնարկէ իրական քայլերու` կանխելու հայկական մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու հետագայ ոչնչացումը: Այս տեսանկիւնէն ողջունելի կ՛ըլլայ այլ քայլ մը, եթէ Անգարան որոշէ հեռացնել թրքական դրօշները հայկական յուշարձաններէն, յատկապէս այն եկեղեցիներէն, որոնք վերածուած են զինուորական պահեստներու:

5. Յամառօրէն կ՛առաջարկենք, որ թրքական ուսումնական գիրքերէն դուրս բերուին Թուրքիոյ տարածքին բնակող հայերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն քարոզող հատուածները: Կարեւոր է նաեւ թրքական դպրոցներուն մէջ դադրեցնել քաղաքական շարժառիթներով ժխտողական քարոզարշաւի որեւէ դրսեւորում:

6. Վերջ դնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման եւ այդպիսով նաեւ թրքական պատմութեան անքակտելի մասի հերքման նպատակով գիտնականներուն հետ ֆինանսական գործարքներուն. Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայոց, այլեւ թրքական պատմութեան եւ յիշողութեան մասն է:

7. Ընդունիլ միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ գիտականօրէն ընդունուած սահմանում` «1915-ի ողբերգական դէպքեր»-ուն համար, ճանչնալ Թուրքիոյ կողմէ նախապէս կատարուած յանցագործութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութիւն եւ վերջ դնել անոնց ժխտման փորձերուն:

8. Ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Անատոլուի բնիկ այլ ժողովուրդներու` յոյներու եւ ասորիներու դէմ, իրականացուած ցեղասպանական գործողութիւնները իբրեւ Թուրքիոյ պատմութեան ամօթալի էջ, եւ պատրաստ ըլլալ առանց որեւէ վերապահումներու եւ լեզուական դարձդարձիկ ձեւերու ներում հայցելու:

9. Ճանչնալով եւ ներում հայցելով կատարուած ցեղասպանութեան համար`  Թուրքիան պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր հետեւանքներու վերացման. առ այդ, պէտք է դիմէ համապատասխան քայլերու` թուրք հասարակութիւնը նախապատրաստելու նման զարգացումներու:

10. Անգարայի համար մեծ քայլ պիտի ըլլայ, եթէ ան որդեգրէ հետեւեալ կարգախօսը` «Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչում, դատապարտում, ներողութիւն եւ հետեւանքներու վերացում»:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնը կ՛առաջարկէ թրքական կողմին նաեւ ստեղծել քանի մը յանձնախումբ, ինչպէս սահմանային հարցերով թուրք-հայկական, թուրք-եւրոպական եւ թուրք-սուրիական յանձնախումբեր, որոնք թոյլ պիտի տան Թուրքիոյ դէմ յանդիման կանգնելու  իր սեփական պատմութեան:

«Արդեօք ասիկա կարելի՞ է իրականացնել մինչեւ 2023 թուականը` Թուրքիոյ Հանրապետութեան 100-ամեակը: Կը կարծեմ, աւելի քան կարելի է», եզրափակած է Հայկ Դեմոյեան:

Share this Article
CATEGORIES