ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԿԻՆԸ ԻՐ ՁԵՒՈՎ ԱՐՁԱԳԱՆԳԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ առաջին տիկին Հայրունիսա Կիւլ իր ձեւով արձագանգած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման:
Հայրունիսա օրինագիծի որդեգրումէն ետք ճաշի հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ հաւատարմագրուած կին դեսպաններն ու դեսպաններու կիները, միջազգային կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին` ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կին աշխատակիցները: Ճաշին ներկայ չէ եղած միայն Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանի կինը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայրունիսա Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի կնոջ` Սապին Պիլին ճաշի չէ հրաւիրած` իբրեւ բողոքի նշան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրման դէմ:
CATEGORIES Հայկական


