ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՀԱԲԵԿԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ազրպէյճանական ապահովական ուժերը ձախողութեան մատնած են Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միխայիլ Լոթեմը եւ իսրայէլացի այլ անձնաւորութիւններ ահաբեկելու իրանեան ծրագիր մը:
Ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը անցեալ շաբաթ ձերբակալած է երեք անձեր` մեկնելով այն կասկածներէն, թէ իրանեան գաղտնի սպասարկութեան կողմէ ուղարկուած են ահաբեկելու համար դեսպան Լոթեմը, «Շապատ» կրօնական շարժումէն ռաբբի մը եւ Ազրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ հրէական դպրոցի տնօրէնն ու ուսուցիչ մը:
Ըստ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին, Պաքուի մէջ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնած են, որ այս ծրագիրը Իրանի կողմէ փորձ մըն էր հիւլէական ուժանիւթի գիտնականներու ահաբեկումին վրէժը լուծելու: Իրան այդ ահաբեկումներուն համար Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները ամբաստանած էր:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երեք կասկածելիները Իրանէն զէնքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր դէպի Ազրպէյճան մաքսանենգած են եւ իրենց առաքելութեան աւարտին 50 հազար տոլար պիտի գանձէին:
Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետարանի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքը վերջերս իսրայէլացի քաղաքացիները զգուշացուցած էր Ազրպէյճան այցելելէ: Նշեալ բաժանմունքը նշեց, որ այդ զգուշացումը տակաւին ի զօրու կը մնայ:


