ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑ Կ՛ՈՒՂԱՐԿԷ ԻՐ ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ՕԴԱՆԱՒԱԿԻՐԸ
Միացեալ Նահանգներ մարտին Արաբական ծոց պիտի ուղարկեն իր հարուածային խումբ մը եւս` հիւլէական ուժանիւթով բանող «Էնթըրփրայզ» օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ:
Ամերիկեան ծովուժը կը յայտնէ, որ խումբի կազմին մէջ պիտի ըլլան հրթիռային յածանաւ մը եւ երեք հրթիռային ականակիր նաւ:
«Էնթըրփրայզ» օդանաւակիրը աշխարհի հիւլէական ուժանիւթով բանող առաջին օդանաւակիրն է: Անիկա գործածութեան մէջ մտցուած է 1961-ին: Ութ հիւլէական հնոց ունեցող հսկայ օդանաւակիրը նաեւ աշխարհի ամէնէն երկար ռազմանաւն է, որուն վրայ կարելի է տեղակայել շուրջ 90 պատերազմական օդանաւ եւ ուղղաթիռ:
Կիրակի օր Արաբական ծոց մուտք գործած էր ամերիկեան ծովուժի հարուածային խումբ մը` «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրին գլխաւորութեամբ: Խումբի կազմին մէջ են նաեւ ֆրանսական եւ բրիտանական ռազմանաւեր:
Խումբը մարտական հերթապահութիւն կը կատարէ «Քարլ Վինսըն» օդանաւակիրի հարուածային խումբին հետ: Նշեալ խումբը անցեալ տարեվերջին փոխարինեց «Ճոն Սթեննիս» օդանաւակիրին գլխաւորած խումբը:


