ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ յաւելման կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձը պիտի վերածուի 675 հազար լ. ոսկիի, արդէն իսկ հրապարակուած է պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս որոշումը գործադրութեան պիտի սկսի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար երէկ հանդիպումներ ունեցաւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Պելմար հրաժեշտ տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` իր պաշտօնէն հրաժարելուն առիթով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին կարիքները: Եարզէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Նատեր Սըքքար եւ Ժիհատ Սամատ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա միշտ ալ եղած է Լիբանանի ազգային միասնականութեան ողնասիւնը:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն համար ընկերային բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ընդունեց Լիբանանի մէջ իսլամ հոգեւորականներու համախմբումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց արաբեւիսրայէլեան տագնապին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սիոնական գոյացութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արաբական-իսլամական աշխարհը պառակտելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապին հարցը իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն չի վերաբերիր, այլ` ամբողջ երկրին: Ան նշեց, որ այս թղթածրարը ստանձնելու եւ պատասխանատուութիւնները կիսուելու առումով բախումները անտեղի են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ելեկտրականութեան տագնապը լիբանանեան պետութեան թերացումներուն հետեւանքն է:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ նախարարութիւնն ու Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդը մնայուն խորհրդակցութեան եւ գործակցութեան մէջ են` մշակելու համար ելեկտրոնային տեղեկատուութեան վերաբերող միացեալ օրէնք մը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք պիտի չընդունի, որ քաղաքական այս կամ այն կողմը միջամուխ ըլլայ երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան հսկող ապահովական կառոյցներուն աշխատանքին:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան պաշտօնը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի համար տարակարծութեան հարց մը չէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ Մեթնի մայրուղիին վրայ զետեղուած լոյսերու յատուկ սիւները չեն գործեր, որովհետեւ անոնք ելեկտրական հոսանքի չեն կապուած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES