ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՊՔԵՐՔԷԻ ԵՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶՕՐ ՉԷ»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը քաղաքական երկխօսութիւն չէ եւ կարելի չէ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան համազօր նկատել:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն, որ իրենց որոշումները տան` նկատի ունենալով երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Մարոնի համայնքի պատրիարքը անդրադարձաւ որոշ սկզբունքներու, որոնցմէ կարելի չէ հրաժարիլ, ինչպէս` ազգային գոյակցութեան եւ համերաշխութեան տարազը:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իր հիմնական մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները չեն, այլ ամբողջ Արեւելքը` իր քրիստոնեաներով եւ իսլամներով:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց վերադառնալու Լիբանանի ազգային ուխտին, որովհետեւ Լիբանան բոլորին երկիրն է եւ կարելի չէ ըսել, որ անիկա այս կամ այն քաղաքական ուժին երկիրն է:

