ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Ապատի յայտնեց, որ այդ տագնապին միջազգայնացումը անհաւանական է` նկատել տալով, որ այդ տագնապին լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ սուրիական վարչակարգին եւ սուրիացի ժողովուրդին միջեւ գոյանալիք համաձայնութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


