ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՄՊԼԱԹ – ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Սուրիա պէտք է յարգէ արաբական քաղաքական նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կոչ ուղղած է Մոսկուայի, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու իմաստով սուրիական վարչակարգը քաջալերէ:

Share this Article
CATEGORIES