ՂՈՍԸՆ ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց պելճիքացի իր պաշտօնակիցը` Փիթըր տի Քրեմը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու համար երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Պելճիքացի նախարարը հաստատեց, որ իր երկիրը յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Իր կարգին, Ղոսըն ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պելճիքական զօրամասին դերակատարութիւնը եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անոր նախաձեռնութիւնը:
Ղոսըն ընդգծեց, որ պէտք է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն եւ գործադրէ թիւ 1701 բանաձեւը:

