ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻՊԻԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց լիպիական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին լիպիացի դատաւորներ Մահմուտ Եասիր եւ Ապտել Լաթիֆ Քատտուր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման թղթածրարը:
Եասիր եւ Քատտուր Լիբանան ժամանած էին լիբանանեան եւ լիպիական իշխանութիւններուն միջեւ Սատըրի հարցին շուրջ գործակցութեան շրջագիծին մէջ:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մանսուր շեշտեց, որ լիպիական իշխանութիւնները առաջին անգամ ըլլալով է, որ լուրջ քննարկումներ կը կատարեն իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարին առնչութեամբ:
Մանսուր շեշտեց, որ լիպիական իշխանութիւնները հաստատած են, որ Սատըր Լիպիայէն դուրս չէ եկած` աւելցնելով, որ այս առումով հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են եւ Լիպիոյ մէջ տակաւին կան որոշ տեղեր, որոնք չեն բացայայտուած:


