ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՀԵՏ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տնտեսական հարցերու քննարկման նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:

Նիստէն ետք Սաֆատի յայտնեց, որ քննարկուած են տնտեսական այն միջոցառումները, որոնք պէտք է որդեգրուին` երկրին մէջ տնտեսական աճ արձանագրելու համար:

Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութիւնը իր կարգին այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Տար Ֆաթուայի մէջ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունենալիք կեդրոնական ձեռնարկին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ատնան Քասսար:

Հունգարիոյ վարչապետը եւ Միքաթի

Միւս կողմէ, երեկոյեան վարչապետ Միքաթի ընդունեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Օրպան Միքաթիի յանձնեց Հունգարիա այցելութեան հրաւէր մը, որուն լոյսին տակ վարչապետը խոստացաւ մայիսին ընդառաջել այդ հրաւէրին:

Նշենք, որ Օրպան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ընդունուեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի կողմէ:

Նշենք, որ Օրպան Լիբանան ժամանած է մասնակցելու համար Ժողովրդավարական կուսակցութիւններու միջազգային համադաշնակցութեան տարեկան նիստին:

Share this Article
CATEGORIES