«ՇՐՋԱՆԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ

Նախագահ Սլէյման` Արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխաններուն հետ հանդիպման ընթացքին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին փորձառութիւնները մեր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող ազդակներ պէտք է ըլլան:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը կարիքը ունի վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ պետական նշանակումները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն բարօրութեան համար:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ քննարկեց Արեւմտեան Պեքաայի  բարգաւաճման ծրագիրներու կարիքները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Արիտայի մօտ արձանագրուած ապահովական միջադէպին մանրամասնութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES