ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական նշանակումները:
Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան իր կարգին այցելեց զօր. Աունի, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան



