ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ՇԱՊԱՊ ԱՐԱՊԻԻ` 76-27 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Արապին: Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 76-27 արդիւնքով (20-7, 21-8, 24-2 եւ 11-10):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սանտրա Նաժըմ, որ 9 ամիսէ ի վեր հեռու էր դաշտերէն` վերադառնալով 18 վայրկեանի ընթացքին նշանակեց 13 կէտ: Լէյլա Ֆարես նշանակեց 21 կէտ, Նաթալի Սվաճեան` 13, իսկ Ժոել Ապտել Նուր` 9:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ Ասիոյ (ՖԻՊԱ) պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Բ. խմբակի մրցումներուն գծով երէկ տեղի ունեցած երկու ճակատումները աւարտեցան լիբանանեան երկու կազմերուն` Շանվիլի եւ Մութթահետի յաղթանակով. անոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Ուլում Թաթպիքիէն (Յորդանան)` 81-70 արդիւնքով եւ Տիւհոքը (Իրաք)` 97-87 արդիւնքով:


