ԱԹԼԵԹԻԶՄ. 2011 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ կատարուեցաւ «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ), Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կատարեց 2011 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիսութեան ընթացքին յատուկ կերպով նշուեցաւ սփրինթըր Կրեթթա Թասլաքեանի ձեռք ձգած յաջողութիւնը Ասիոյ ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական խաղերուն ընթացքին:
Իր արձանագրած այս յաջողութիւններուն համար Թասլաքեան Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Շեհապէն ստացաւ 2 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ չեք մը:
Յատուկ կերպով նշուեցան կարգ մը մարզիկներուն, որոնց կարգին` Լորի Թաշճեանի ձեռք ձգած յաջողութիւնները, տեղական թէ արաբական մրցաշարքերուն ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական


