ԳԵՂԱՐԴ ՄՈՒՍԱՍԻՆ 3 ՄԱՐՏԻՆ ԿԸ ՃԱԿԱՏԻ ՄԱՅՔ ՔԱՅԼԻԻ ԴԷՄ

Մէջբերելով allboxing.ru կայքէջին հրապարակած լուրերէն մէկը` PanARMENIAN.Net կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 3 մարտին կիսածանր դասակարգ Strikeforce-ի նախկին ախոյեան Գեղարդ Մուսասին իր լաւագոյն մրցումներէն մէկը պիտի կատարէ` ճակատելով Մայք Քայլիի դէմ: Այս մրցումը կ՛իյնայ Strikeforce- Tate vs. Roosey ցուցադրական ճակատումին ծիրին մէջ:

Նկատի ունենալով, որ Մոհամետ Լաւալ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած է, այս մրցումին կրնայ որոշուիլ կիսածանր դասակարգին Strikeforce ախոյեանին թափուր մնացած դիրքին յաղթականին անունը:

 

Share this Article
CATEGORIES