ԹԵՆԻՍ. ՇԱՐԱՓՈՎԱ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ «ՖԵՏ-ՔԱՓ»Ի ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Ռուսիոյ թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մարիա Շարափովա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ շաբաթ Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք «Ֆետ Քափ»ի Ա. հանգրուանի մրցումին:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ գտնուող Ողիմպիական փակ դաշտին մէջ` 4-5 փետրուարին:
Ռուսիոյ մարզիչ Շամիլ Թարփիշցեւ այս մրցումին համար նկատի առաւ նաեւ Սվեթլանա Քուզնեցովան, Նատիա Փեթրովան եւ Էքաթերինա Մաքարովան:
2004-էն ի վեր Ռուսիա տիրացած է չորս «Ֆետ Քափ»ի տիտղոսներու: Սակայն անիկա նախորդ տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին պարտուեցաւ Չեխիայէն:
CATEGORIES Մարզական

