ԷՏԿԱՐ ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆ. «ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՄ ԿԻՊՐՈՍ»
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եգաթերինպուրկի մարզիկ Էտկար Մանուչարեան կը շարունակէ Երեւանի մէջ իր ապաքինումը, կը յայտնէ Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Անիկա կ՛աւելցնէ ըսելով, որ ճիշդ այդ պատճառով, Մանուչարեան չկրցաւ իր կազմին հետ մեկնիլ Թուրքիա` մասնակցելու համար ուսումնամարզական հաւաքին:
Իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Մանուչարեան կ՛ըսէ. «Մինչեւ 5 փետրուար պիտի մնամ Երեւան, ապա պիտի միանամ Ուրալի, որ փետրուարին Կիպրոսի մէջ հաւաք պիտի կատարէ: Սկզբնական շրջանին մարզիչին հետ անհատական ծրագիրով փորձեր պիտի կատարեմ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ որոշ չափով գտնել իմ կազմուածքս: Անկէ ետք միայն կը յստականայ, թէ ե՛րբ պիտի կարենամ դաշտ ներկայանալու սկսիլ: Յոյսով եմ, որ ամէն ինչ իր բնականոն ընթացքը պիտի ստանայ շուտով»:
CATEGORIES Մարզական

