ՏԻԳՐԱՆ Լ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ՇԱՏ ՈՒՐԱԽ ԵՄ, ՈՐ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ»
Նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն աւարտին առաջին դիրքը գրաւած եւ բնականաբար Հայաստանի ախոյեան հանդիսացած Տիգրան Լ. Պետրոսեան իրաւունք ստացաւ մաս կազմելու Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին:
PanARMENIAN.Net-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Պետրոսեան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ, որ վերադարձայ Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքական` հանդիսանալէ ետք Հայաստանի ախոյեան: Առաջին մրցումին պարտութեամբ սկսելէ ետք ախոյեանութիւնը կարծեցի, որ յոյսերը պիտի չքանան: Սակայն այնուհետեւ 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն արձանագրելով տիրացայ տիտղոսին: Հաւաքականին անդամները շնորհաւորեցին զիս` իմ կատարած այս իրագործումիս համար: Այս տարի ճատրակի Ողիմպիականը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ եւ մենք ի հարկէ ամէն ինչ պիտի ընենք` յաղթելու եւ տիտղոսին տիրանալու համար»:
Նշենք, որ 2008-ին Տրեստընի մէջ Պետրոսեան հաւաքականին հետ միասին ճատրակի միջազգային Ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ:
Այժմ, Պետրոսեան 15 օր հանգստանալէ ետք պիտի պատրաստուի 19 մարտէն 1 ապրիլին Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք Եւրոպայի անհատական ախոյեանութեան:
Բացի ատկէ, ան մարտի սկիզբը պիտի մասնակցի Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքի մը:

