ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ. «ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԲՈԼՈՐ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹ ՊԻՏԻ ՏՐՈՒԻ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼՈՒ»

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է. «Կիպրոսի այս հաւաքին հիմնական նպատակն է առաւելագոյն չափով ֆութպոլիստներ փորձել: Հայաստանի հաւաքականը Կիպրոս պիտի մեկնի ընդլայնուած կազմով` նկատի ունենալով, որ 26-28 մարզիկներ պիտի հրաւիրուին: Երկու բարեկամական մրցումներուն ընթացքին բոլոր մարզիկներուն ալ անխտիր առիթ պիտի տրուի դաշտ ներկայանալու: Նախորդ տարեշրջանին համեմատաբար աւելի քիչ դաշտ ներկայացած մարզիկներուն աւելի շատ ժամանակ պիտի տրուի իրենք զիրենք փաստելու»:

ՖԻՖԱ-ին կողմէ միջազգային բարեկամական մրցումներու օր ճշդուած է 29 փետրուարը: Այդ օր Հայաստան իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քանատան:

Նկատի ունենալով, որ այդ միջոցին տեղի պիտի ունենայ կիպրոսեան մրցաշարքը, 28 փետրուարին Հայաստանի հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ նաեւ Սերպիոյ դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES