ՊՐԱՏՔԷ. «ՍԹԱԹԻՒՍ ՔՈՆ Չ՛ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՐ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ»
ԵԱՀկ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ Ուաշինկթընի մէջ յայտարարեց, որ կարելի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ սթաթիւս քոն որոշ մարդոց ձեռնտու է, սակայն տուեալ իրադրութիւնը կայունութիւնը չ՛երաշխաւորեր:
Յանուն միջազգային խաղաղութեան Քառնըկիի հիմնադրամին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին նուիրուած վեհաժողովին ժամանակ, Պրատքէ յայտնեց, որ շրջանին մէջ ապրող ժողովուրդները արժանի են աւելի լաւ, կայուն եւ բարեկեցիկ ապագայի եւ այսպիսի ապագայի համար անոնք պէտք է օգտուին բոլոր կարելիութիւններէն:
Ամերիկացի համանախագահը յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նկատմամբ ակնկալուող ուշադրութիւնը չի ցուցաբերուիր, եւ ընդգծեց, որ այդ տագնապը ոչ թէ սառեցուած է, այլ` շարունակուող:
Յայտնելով, որ տարուան ընթացքին 16 այցելութիւններ կատարած է շրջան, Պրատքէ նշեց, որ ըստ կարելւոյն շուտ խաղաղութեան հասնելու համար Միացեալ Նահանգներ բոլոր մակարդակներուն վրայ սերտօրէն կը համագործակցին Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ֆրանսային եւ Ռուսիոյ հետ, մասնաւորաբար` երեք երկիրներու նախագահները բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարեցին այդ առնչութեամբ:
Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Քերի Քաւանօ վեհաժողովին ընթացքին անդրադարձաւ բանակցութիւններու պատմութեան, անցեալին թոյլ տրուած սխալներուն: Ըստ անոր, խաղաղ հոլովոյթը նախորդ տարիներուն համեմատ շատ աւելի բարդացած է: